Անդրադարձ. Հանրապետականութենէն Դէպի Օսմանականութիւն, Քեմալականութենէն Դէպի Էրտողանականութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1210_vahoԹուրքիոյ մէջ որոշ ատենէ մը ի վեր գոյութիւն ունի հետաքրքրութիւն մը ամէն ինչի նկատմամբ, որ կը վերաբերի օսմանեան անցեալին` արուեստ, գրականութիւն, լեզու եւ երաժշտութիւն: Այդ նիւթերուն շուրջ ուսումնասիրութիւններ պատրաստող աշակերտներու եւ երիտասարդ մասնագէտներու թիւը մեծ աճ արձանագրած է: Անոնք կը ստանան նիւթական օժանդակութիւն եւ կրթաթոշակներ: Թուրքիոյ մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն օսմանեան անցեալը ներկայացնող պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերը, որոնց ազդեցութեան տակ օսմանցի կայսրերուն նստավայրը եղող Թոփ Քափըի պալատի եւ Քափալըչարշըի այցելուներուն թիւը մեծ աճ արձանագրած է: Այս բոլորը անշուշտ արդիւնք էր նոր օսմանական գաղափարախօսութեան տէր թրքական իշխանութեանց քաջալերանքին: Վերջիններս այլեւս չեն բաւարարուիր անհատներու հետաքրքրութեամբ ու կամաւոր քայլերով եւ որոշած են իրենց ծրագիրի գործադրութեան համար արմատական քայլերու դիմել:

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախագահ ընտրուելէ ետք որոշեց հանրապետական Թուրքիոյ բոլոր նախագահներուն աւանդական նստավայրը եղած Չանքայայէն հրաժարիլ եւ կառուցել ու օգտագործել նոր նստավայր մը` Աք Սարայը (Սպիտակ պալատը), այդպիսով խորհրդանշական խզում մը կատարելով քեմալական անցեալին հետ: Անշուշտ ան այդպիսով նաեւ փախուստ կու տար հայերէն բռնագրաւուած կալուածի մը մէջ բնակելու խարանէն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը սեպտեմբերին արդէն աղջիկներուն արտօնած էր լաչակ կրել, իսկ վերջերս պատկերասփիւռի կայանէ մը յայտագիրի մը ընթացքին Աթաթուրքի վարկաբեկման պատասխանատուները չպատժուեցան, ինչ որ ցուցանիշ է քեմալականութեան տկարանալուն:

Էրտողան այժմ կը դիմէ քեմալական անցեալին հետ խզումի յաւելեալ քայլի մը: Թուրքիոյ Ազգային կրթութեան խորհուրդի` անցեալ շաբաթավերջի տարեկան ժողովի աւարտին որդեգրած որոշումներէն էր օսմաներէնի դասապահերը կրօնական վարժարաններուն համար պարտադիր, իսկ այլ երկրորդական դպրոցներուն համար ընտրովի դարձնող որոշումը:

Էրտողան չի ծածկեր օսմանեան անցեալը վերականգնելու իր նպատակը: Ան 8 դեկտեմբերին Կրօնական հարցերու ընդհանուր տնօրէնութեան ժողովին ընթացքին նշեց. «Դուք էք անոնք, որոնք պիտի վերականգնեն քաղաքակրթութիւն մը, որ քայքայուած է: Իբրեւ իսլամ մը, շատ լաւ գիտեմ, որ այս կրօնը ունի սեփականատէր մը, որ զայն պիտի պաշտպանէ: Ատիկա ձեր ուսերուն վրայ է»` աւելցնելով. «Եթէ կրօնին համար մեր լաւագոյնը ընենք, ապա յարանուանական տագնապը վերջ պիտի գտնէ: Եթէ ճիշդ հարցումները հարցնենք, արիւնահեղութիւնը պիտի դադրի»: Ան կրօն ըսելով անշուշտ նկատի ունէր սիւննիականութիւնը, իսկ «մեր լաւագոյնը ընենք» ըսելով` Օսմանեան կայսրութեան վերականգնումը, որուն իբրեւ հետեւանք Միջին Արեւելքի մէջ «արիւնահեղութիւնը պիտի դադրի» եւ օսմանեան բռնատիրութեան տակ «յարանուանական տագնապը վերջ պիտի գտնէ», շնորհիւ միահեծան սիւննիականութեան եւ այլոց նկատմամբ կիրարկուող բռնաճնշումին:

Ազգային կրթութեան խորհուրդը նաեւ կ՛առաջարկէ 3-6 տարեկան մանուկներուն սորվեցնել Աստուծոյ, անոր սիրոյն, դրախտի եւ դժոխքի կրակին մասին, ինչ որ համազօր է ուղեղի լուացման ճամբով իշխող կուսակցութեան ապագայ ընտրազանգուածի պատրաստութեան: Ատոր զուգահեռ կ՛առաջարկուի ջնջել մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիութեան նիւթերը, ինչպէս նաեւ վերատեսութեան ենթարկել աթաթուրքեան յեղափոխութեան պատմութիւնը: Այս առաջարկները պէտք է հաստատուին կրթութեան նախարարութեան կողմէ, ինչ որ ապահով է` նկատի ունենալով Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, որ «ուզեն կամ չուզեն, օսմաներէնը այս երկրին մէջ պիտի դասաւանդուի»:

Էրտողանի հետապնդածը աւելին է, քան պարզապէս կրօնի եւ պետութեան անջատման սկզբունքի ջնջումը. նպատակը քեմալականութիւնը նոր օսմանականութեամբ փոխարինելն ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան յարատեւման ապահովումն է. այլ խօսքով` իշխանափոխութեան սկզբունքի չքացումն ու փոխան Աթաթուրքի` Էրտողանի անձի պաշտամունքը:

Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, բնականաբար Թուրքիոյ դիմաց կը փակուին Եւրոպական Միութեան դռները: Միւս կողմէ, արդէն ձախողած է  անոր «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութիւնը եւ վերածուած «զերօ բարեկամներու»: Թուրքիոյ ճակատագիրը բոլոր մակարդակներու վրայ նահանջն է եւ յաւելեալ մեկուսացումը: Այս առումով 2015-ին նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւնը ժողովրդավար ու յառաջադէմ ուժերուն, ինչպէս նաեւ քեմալականներուն համար վերջին առիթը կրնայ ըլլալ ընտրական խաղաղ հոլովոյթի ճամբով ազգայնական-կրօնական վարչակարգի մը հաստատման ծրագիրը տապալելու: Սակայն այդպիսի զարգացումի մը սպասելը անտեղի կը թուի, որովհետեւ հանրապետական Թուրքիոյ

91-ամեայ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ժողովրդավարական ուժերը ձախողած են հաւաստի եւ ազդու այլընտրանքային ուժ մը ըլլալ, իսկ 2002-էն ի վեր տեղի ունեցած ընտրութիւնները նոյնը կը վկայեն նաեւ քեմալականներուն մասին: Անոնց համար ընտրական հոլովոյթին այլընտրանքը` անկարգութիւնները, ուժի կիրարկումն ու քաղաքացիական պատերազմն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES