Իրանի Նախագահը Քարիւղի Գիներու Անկումը Դաւադրութիւն Անուանած Է

Հասան Ռուհանի

Հասան Ռուհանի

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին քարիւղի գիներու կտրուկ անկումը քաղաքական դաւադրութիւն կը նկատէ:

Իր յայտարարութեան մէջ ան ընդգծած է, որ քարիւղի շուկային մէջ արձանագրուած պատկերը ուղղուած է Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ իսլամական աշխարհին դէմ:

«Պի.Պի.Սի.»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ Իրանի տնտեսութիւնը, որ կախեալ է քարիւղի արտածումէն, վնասուած է համաշխարհային շուկաներուն մէջ գիներու անկման պատճառով:

Թեհրանի ներկայացուցիչները կը պահանջեն Քարիւղ արտահանող երկիրներու կազմակերպութեան` ՕՓԵՔ-ի երկիրներէն կրճատել քարիւղի արտահանման ծաւալները, որպէսզի ատոր գինը դարձեալ սկսի աճիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES