Եւրոպական Միութիւնը «Հարաւային Հոսք»-ին Այլընտրանքներ Կը Փնտռէ Եւ Ծրագիրի Կասեցման Շուրջ Բացատրութիւն Կը Պահանջէ Ռուսիայէն
Եւրոպական Միութեան երկիրները, որոնց տարածքով պէտք էր անցնէր «Հարաւային հոսք» կազատարը, Եւրոպական յանձնաժողովի նիստին քննարկած են ռուսական կազատարին այլընտրանք գտնելու կարելիութիւնները:
Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի նախարարներու ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ առաջին տարբերակը, որ օգտագործուած է, կասպեան կազը «Հարաւային կազային միջանցքով» հասցնելն է: Երկրորդ այլընտրանքը հեղուկացուած բնական կազի վերջածայրերու կառուցումն է, իսկ երրորդը` Սեւ եւ Միջերկրական ծովերու պաշարներու օգտագործումն է:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ «Հարաւային կազային միջանցքով» առաջին անգամ կազը Եւրոպա պիտի հասնի 2019-ին:
Ժողովին մասնակիցները` Աւստրիոյ, Պուլկարիոյ, Խրուաթիոյ, Յունաստանի, Իտալիոյ, Ռումանիոյ եւ Սլովենիոյ ուժանիւթի նախարարները նաեւ Ռուսիայէն բացատրութիւն պահանջեցին «Հարաւային հոսք» բնական կազի ծրագիրի կասեցման համար:

