«Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Չգոյանայ Մինչեւ Սուրիոյ Վերեւ Թռիչքներու Արգիլեալ Գօտիի Հարցի Լուծումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Անգարա եւ Ուաշինկթըն համամիտ են սուրիական չափաւորական ընդդիմադիրները զինելու եւ մարզելու հարցին շուրջ, սակայն թռիչքներու արգիլեալ գօտիի եւ ապահովական գօտիի հարցերուն շուրջ տարակարծութիւնները կը յամենան:
«Դաշնակից ուժերուն կողմէ տակաւին որեւէ յանձնառութիւն չկայ, մասնաւորաբար թռիչքներու արգիլեալ գօտիին եւ ապահովական գօտիին վերաբերեալ», ըսաւ Էրտողան:
«Ասիկա հարց մըն է, որուն շուրջ մեր պատուիրակութիւնները կը բանակցին: Կը թուի, թէ «զինէ-մարզէ»-ի հարցին մէջ համախոհութիւն կայ, սակայն դժբախտաբար միւս երկու հարցերուն շուրջ համախոհութիւն չկայ», նշեց ան:
Էրտողան յայտարարեց. «Միայն օդային գործողութեան ճամբով կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ: Ցամաքային գործողութեան մը անհրաժեշտութիւնը կայ: Ցամաքային գործողութեան պէտք է օդային գործողութեան մը ճամբով աջակցութիւն տրուի, եւ Սուրիական ազատ բանակը պատրաստ է մասնակցելու այս ցամաքային գործողութեան, եթէ անիկա անհրաժեշտ մարզումն ու զէնքերը ստանայ»: Ան աւելցուց, որ եթէ այդ երկու պայմանները ամբողջանան, ապա «ապահովական գօտիի մը հաստատումը գաղթը պիտի արգելակէ»:

