2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՍԻՈՅ ԳՕՏԻ. ԼԻԲԱՆԱՆ – ՊԱՆԿԼԱՏԵՇ` 4-0
Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ազգային խումբը Մարզական աւանին մէջ հիւրընկալեց Պանկլատեշը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` Լիբանանի յաղթանակով, 4-0 արդիւնքով: Հասան Մաաթուք, որ ընտրուեցաւ այս մրցումին լաւագոյն մարզիկը, ստացաւ 500 ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկու օր ետք` Տաքայի մէջ:
Կ՛ակնկալուի, որ Լիբանան առանց դժուարութեան ապահովէ Գ. հանգրուանի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական