ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ (17 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ). ԼԻԲԱՆԱՆ – ՍՓՈՐԹԻՆԿ` 73-27
Պասքեթպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը Ֆուատ Շեհապ համալիրին մէջ հիւրընկալեց Սփորթինկը, որ Եգիպտոսի 16 տարեկանէն վար ախոյեանն է:
Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի մեծ յաղթանակով` 73-27 արդիւնքով:
Նշենք, որ ներկայիս եգիպտական կազմը Լիբանանի մէջ կը կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը` պատրաստուելու համար Եգիպտոսի ախոյեանութեան մրցումներուն: Իսկ Լիբանանի կազմը կը պատրաստուի Արեւմտեան Ասիոյ 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Նշենք, որ այսօր` երեքշաբթի, 26 յուլիսին, Սփորթինկ ժամը 15:00-ին պիտի մրցի Լիբանանի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին դէմ` Աղբալեան-ՀՄԸՄ- մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական