ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ 8-ՐԴ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ` 2-2
Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի 8-րդ ախոյեանութեան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ազրպէյճանի հետ: Տարբեր պիտի ըլլար պարագան` եթէ հայրենի կազմը յաղթանակ արձանագրէր, որովհետեւ մրցաշարքի աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ պիտի ապահովէր տիտղոսը:
Այժմ հայրենի կազմը պիտի սպասէ այսօր կատարելիք իր մրցումին, երբ իր դէմ ունենայ Ուքրանիան: Հայաստան հաւասարութեամբ ալ պիտի բաւարարուի տիտղոսին տիրանալու համար:
Երէկուան մրցումին Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին յաջորդաբար Թէյմուր Ռաճապովի եւ Վուկար Հաշիմովի դէմ: Գաբրիէլ Սարգսեանի կրած պարտութիւնը` Շահրիար Մամետեարովէն, քիչ մը նեղ կացութեան մատնեց հայրենի կազմը: Սակայն Վլատիմիր Յակոբեան եկաւ փրկելու կացութիւնը, երբ յաղթեց Ռաուֆ Մամետովի:
Չինաստան յաղթեց Հնդկաստանի (3-1), Հունգարիա` Միացեալ Նահանգներու (2,5-1,5), Ռուսիա` Իսրայէլի (4-0) եւ վերջապէս Հունգարիա` Եգիպտոսի (3-1):
Ստորեւ կու տանք դասաւորումը.
————————–ԿԷՏ
1.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 13
2.- Չինաստան 11
3.- Ուքրանիա 11
4.- Ռուսիա 10
5.- Հունգարիա 10
6.- Միացեալ Նահանգներ 8
7.- Ազրպէյճան 7
8.- Հնդկաստան 5
9.- Իսրայէլ 5
10.- Եգիպտոս 0