Քոնկրեսէն Ամերիկեան Վարչակազմին Համար ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ուժի Կիրարկման Արտօնութիւն Պահանջելէ Ետք. «Միացեալ Նահանգներ Այս Պահուս Չեն Պատրաստուիր Ասատի Դէմ Շարժելու» Կ՛ըսէ Քերրի

Ճոն Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Քոնկրեսէն պահանջեց ամերիկեան վարչակազմը լիազօրել ամերիկեան զինեալ ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օգտագործելու` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մտադիր չէ այդ մէկը կատարելու, ինչպէս նաեւ պահանջեց լիազօրութեան անհրաժեշտութեան պարագային ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութեանց տարածքը ընդլայնել»:
Քերրի Ծերակոյտի մէկ յանձնախումբին առջեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմը շարունակելու ամերիկեան վարչակազմին արտօնութիւն տուող բանաձեւը քննարկելու յատկացուած լսումի նիստին ընթացքին յայտնեց. «Վարչակազմը համաձայն պիտի ըլլայ առաքելութեան իբրեւ ժամկէտ երեք տարիները ճշդելուն, ինչ որ ապագայ վարչակազմին կարելիութիւն պիտի տայ անհրաժեշտութեան պարագային զայն երկարաձգելու»:
Քերրի շեշտեց. «Մեզի համար մեծագոյն մարտահրաւէրը Օպամային վրայ ձեզ հաստատել փափաքած սահմանափակումներն են եւ զինուորական մարտերու մանրամասնութիւններուն միջամտելու ձեր փափաքը»:
Պատասխանելով ծերակուտականի մը հարցումին` ան ըսած է. «Կը պատրաստուի՞նք Ասատի դէմ շարժելու: Ո՛չ: Մենք` Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորում կը խօսինք միայն ՏԱՀԵՇ-ի մասին»:
Պատասխանելով Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ ուժի կիրարկման մասին հարցումին` Քերրի յայտարարած է. «Հիմա չէ»: Ան յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը զբաղին սուրիացի ընդդիմադիրներու պատրաստութեամբ, որոնք «ուղղակի կերպով կը պայքարին Ասատի դէմ»:
Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու արտօնութիւն ստանալու դիմում Քոնկրեսին պիտի չներկայացուի: Միեւնոյն ժամանակ խօսելով ծայրայեղականներու դէմ պայքարի մասին ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն այս պահուս բաւականաչափ իրաւասութիւններ ունի «Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ընելու այն, ինչ որ հիմա կ՛ընենք»:

