Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պիր Ապըտի մէջ ձերբակալեց 14 սուրիացիներ, որոնք առանց փաստաթուղթի Լիբանան մուտք գործած էին: Միւս կողմէ, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պաալպեքի մէջ ձերբակալեց Մեհտի Տանտաշը:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով կատարուելիք փոխանակման գործողութեան համար կիներու ձերբակալումը անվայել է եւ լիբանանեան պետութիւնը կը վերածէ միլիսի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 800 լ. ոսկիով նուազած է, իսկ մազութինը` 700 լ. ոսկիով:
ԸՍՏ քաղաքական շրջանակներու մեկնաբանութիւններուն, ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Ֆրանսուա Ժիրոյի Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը ցուցանիշ է, թէ Լիբանան մօտիկ ապագային կրնայ հանրապետութեան նախագահ մը ունենալ: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Ժիրօ առաջարկած է երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի անունը` իբրեւ նախագահական ընտրութեան համախոհական թեկնածու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման ջանքերուն շրջագիծին մէջ գոյութիւն ունի Ռումիէի բանտին շրջակայ շրջաններուն մէջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ցանցը խզելու առաջարկը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ պոռնկութեան ցանցին մէջ գործելու յանցանքով ձերբակալուած են աւելի քան 600 հոգի, որոնք անհատական կամ ցանցերու դրութեամբ կը գործեն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի ղեկավարները միասնաբար հանդիպում մը չեն ունեցած մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անհատական այցելութիւններ տուած են Պքերքէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նկատմամբ Իրանի բաց քաղաքականութիւնը բնական է եւ պէտք է օգտուիլ անկէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ քրիստոնեայ ղեկավարութիւններուն միջեւ գոյացած համախոհութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը դժուար թէ կառավարութեան հաւանութիւնը ստանայ` առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին բանակցութիւնները կատարելու իմաստով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ տարեսկիզբին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ կոչ ուղղեց որդեգրելու քաղաքական այնպիսի որոշում մը, որ կ՛արտօնէ բանակին վերջ տալու զինեալներուն գոյութեան:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Քաթար առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին առումով կատարած իր բանակցութիւններէն հրաժարած է, որովհետեւ առեւանգող կողմը չէ ընդառաջած անոր հետ բանակցութիւն կատարելու:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուելիք երկխօսութեան առումով իրենց կեցուածքը դրական է:

