Իսլամ Կրօնաւորներու Համախմբումը Այցելեց Սուրիոյ Դեսպանին

Իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը` դեսպան Ալիի հետ
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ դեսպանատան մէջ ընդունեց Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Հասսան Ապտալլայի:
Իսլամ կրօնաւորներու պատուիրակութիւնը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումները` ընդգծելով, որ այդ բռնարարքները կը միտին հարուածել Դիմադրութեան հիմնական պաշտպան երկիրը:
Ապտալլա յայտնեց, որ այդ ռմբակոծումները անպատասխան պիտի չմնան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը յարմար ժամանակին եւ վայրին մէջ պիտի հակադարձէ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն:
Այս շրջագիծին մէջ շէյխ Ապտալլա հաստատեց Ռուսիոյ ունենալիք ներդրումը` Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

