Մոկերինի Այցելեց Պասիլի Եւ Ռայի Պատրիարքին

Մոկերինի եւ Ռայի պատրիարքը
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Պէյրութ, նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան հասնելուն հետեւանքները:
Մոկերինի այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին Մոկերինի հաստատեց Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Եւրոպա կը քաջալերէ Լիբանանը, որպէսզի ամէն ջանք ի գործ դնէ` ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարէ:

