Հարիրի. «Արսալի Շրջափակումը Խիստ Մերժելի Է»

Սաատ Հարիրի
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ զինուոր Ալի Պազզալի սպանութիւնը եւ բանակայինները առեւանգուած պահելը ոճիր մըն է, որ դատապարտելի է բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ: «Իսկ Արսալի շրջափակումն ու անկէ վրէժխնդիր ըլլալը առեւանգող կողմին մատուցուած ծառայութիւն մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Արսալի շրջափակումը խիստ մերժելի է:
Հարիրի հաստատեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է այդ շրջափակումը աւարտելուն եւ բանակին պարտականութիւն տալու, որպէսզի պետութեան հեղինակութիւնը վերահաստատէ եւ առիթ չտայ, որ լիբանանեան գիւղաքաղաքներուն միջեւ լարուած մթնոլորտ տիրէ, եւ լիբանանցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները վտանգի ենթարկուին:
«Այս իմաստով կառավարութիւնը հրաւիրուած է արագ դասաւորումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ կոչուած է առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու», եզրափակեց ան:

