Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Շնորհաւորագիրը` Դոկտ. Մարալ Կիտանեանին

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան

Միջազգային դրամական ֆոնտի վիճակագրութեան բաժանմունքի Ուաշինկթընի գրասենեակը երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան անձնակազմին` Լիբանանի մէջ ընդհանուր սպառման առումով արձանագրուած սակերու համեմատութիւնը ճշդելու առումով անոնց կատարած գերազանց աշխատանքին համար:

Ըստ շնորհաւորագիրին, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան յանձնառութիւնը` այդ ճշգրիտ համեմատութիւնը գոյացնելու ձեւերը զարգացնելու եւ զանոնք մնայուն կերպով հրատարակելու առումով, ողջունելի է ու գնահատելի, ինչպէս նաեւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան:

 

Share this Article
CATEGORIES