Պըրրի. «Եթէ Քարիւղի Մեր Բնական Հարստութիւնը Պաշտպանելու Նպատակով Լուրջ Քայլերու Չնախաձեռնենք, Ապա Լուռ Պիտի Չմնամ»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնը` քարիւղն ու բնական կազը գողութեան կ՛ենթարկուին, աւելցնելով, որ Լիբանան տակաւին սպասողական վիճակ կ՛ապրի այս իմաստով:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է սկզբնական քայլերու դիմէ` քարիւղի եւ բնական կազի արտահանման առումով:

«Եթէ քարիւղի մեր բնական հարստութիւնը պաշտպանելու նպատակով լուրջ քայլերու չնախաձեռնենք, ապա լուռ եւ ձեռնածալ պիտի չմնամ», շեշտեց Պըրրի:

Անդրադառնալով առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին` Պըրրի յայտնեց, որ հիմնական թնճուկը կը գտնուի այդ հարցի հետապնդման նախարարական ենթայանձնախումբին մէջ:

Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց քաղաքայիններուն հրաժարելու այդ թղթածրարը ստանձնելէ:

Իսկ ակնարկելով Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան հաւանականութեան` Պըրրի հաստատեց, որ ինք տակաւին կը մնայ լաւատես:

Խորհրդարանը Դարձեալ Յետաձգեց
Նախագահական Ընտրութիւնը  

Սամիր Ժահժահ

Սամիր Ժահժահ

Խորհրդարանը երէկ դարձեալ յետաձգեց նախագահական ընտրութեան նիստը 7 յունուար 2015-ին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Նիստէն ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք պատրաստ է ընդառաջելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջարկին եւ ուղղուելու Ռապիէ, սակայն յուսամ, որ լուրջ առաջարկ մը ըլլայ` նախագահական ընտրութեան մասին համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով:

Ան նշեց, որ Մեհրապի եւ Ռապիէի միջեւ ամէնօրեայ  դրութեամբ հաղորդակցութիւններ կան:

Ժահժահ յայտնեց, որ արտաքին ուժերը սկսած են քայլերու դիմել` Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով, որովհետեւ Լիբանան Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուելիք կայունութեան մաս կը կազմէ:

Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան հաւանականութեան մասին Ժահժահ ըսաւ, որ ինք կը զօրակցի որեւէ քայլի, որուն նպատակն է երկրին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES