Ղանեմ. «Ընտրական Օրէնքին Մասին Քննարկումները Բաւական Առարկայական Են Եւ Անոնք Կը Ձգտին Ըլլալ Ազգային»

Ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը
Ընտրական օրինագիծի մշակման խորհրդարանական յատուկ ենթայանձնախումբը երէկ առաւօտեան ժամը 9:45-ին, խորհրդարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Ալի Ֆայեատ, Ժորժ Ատուան, Էմիլ Ռահմէ, Ալեն Աուն, Մարուան Համատէի փոխարէն ներկայ գտնուեցաւ երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ, Սերժ Թուրսարգիսեան, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Զիատ Քատիրի եւ Սամի Ժեմայէլի փոխարէն ներկայ գտնուեցաւ երեսփոխան Էլի Մարունի:
Նիստէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ յանձնախումբը շարունակած է քննարկել առաջարկուած համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններու վրայ հիմնուած խառն օրինագիծը, որուն շրջագիծին մէջ սերտած է շարք մը հաւանականութիւններ, որոնք մեծաւ մասամբ առարկայական են, եւ անոնք փորձած են շրջանցել իւրայատկութիւններն ու անձնական յատկանիշները` մշակելու համար ազգային ընտրական օրէնքի մը, որ կարենայ բոլոր համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովել:

