Վարչապետ Սալամ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահին հետ հանդիպումէն պահ մը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Վարչապետ Սալամի ընկերակցեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Վարչապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբին հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ծանր պայմանները, յատկապէս ապահովական իմաստով:
Վարչապետ Սալամ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ «Լիբանան կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը, նկատի ունենալով հոն կուտակուած հարցերը` քաղաքական, հաստատութենական եւ այլ, որոնց լուծումներ կը փորձենք գտնել կառավարական միասնականութեամբ»:
Ան շեշտեց, որ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը իր ժխտական հակազդեցութիւնը ունեցած է երկրին ներքին իրադարձութիւններուն վրայ` աւելցնելով, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարն ու ահաբեկչական մարտահրաւէրները երկիրը մատնած են քաոսի:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի նորընտիր նախագահը կարենայ պահպանել երկրին հաւասարակշռութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը:
Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն` Սալամ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի յատկացուած օժանդակութիւնները անբաւարար են եւ կոչ ուղղեց ամբողջ աշխարհին` պատասխանատուութեամբ վարուելու:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Ֆրանսա պէտք է արագացնէ սէուտական օժանդակութեան ընդմէջէն լիբանանեան բանակը զինելու համաձայնագիրին գործադրութիւնը:
Նշենք, որ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերալտ Լարշէի հետ:
Վարչապետ Սալամ վաղը` ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2014-ին պիտի այցելէ Էլիզէի պալատ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Ֆրանսա պաշտօնապէս լիբանանեան բանակը զինելու համաձայնագիրը պիտի ստորագրէ շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2014-ին:

