Զուիցերիա Մերժած Է Յուշարձան Տեղադրելու Հայկական Համայնքին Առաջարկը
Ermenihaber լրատու կայքը կը տեղեկացնէ, որ Զուիցերիա մերժած է հայկական համայնքի` Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի գրասենեակի պուրակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան տեղադրելու առաջարկը:
Ըստ թրքական Son լրատու կայքին, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշումին մասին յայտնած է Ժընեւի Քանթոն շրջանի ղեկավարութեան: Նախարարութիւնը շրջանային իշխանութեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ եթէ հայկական մշակութային միութիւնը իր առաջարկին վրայ պնդէ, ապա կրնան յուշարձանը տեղադրել քաղաքի այլ վայրի մը մէջ:

CATEGORIES Հայկական

