Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունեց Համաշխարհային Դրամատան Ներկայացուցիչները
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունած է Համաշխարհային դրամատան պատուիրակութիւնը` դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Լորա Պէյլիի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան ներկայ վիճակին եւ զարգացման հեռանկարներուն, Հայաստանի դրամավարկային եւ պիւտճէական հարկերու քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատուած է համաշխարհային եւ շրջանային տնտեսական իրողութիւններուն եւ միջազգային շուկայի փոփոխուող իրավիճակին համահունչ տնտեսական քաղաքականութեան իրականացումը եւ համապատասխան տնտեսական միջավայրի ձեւաւորումը: Կողմերը անգամ մը եւս վերահաստատած են նշուած ուղղութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան միջեւ համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:
Տնտեսական Իրաւունքներուն Յատկացուած
Համաժողով` Երեւանի Մէջ
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ներկայ գտնուած է Երեւանի մէջ սկսած տնտեսական իրաւունքներուն յատկացուած համաժողովին:
Վարչապետը նշած է, որ տնտեսական իրաւունքները կարեւորագոյն երաշխիք են մարդու, հասարակութեան եւ պետութեան բարեկեցութեան ապահովման եւ զարգացման գործին մէջ:
«Մարդկութեան բարգաւաճման եւ պետութիւններու կայացման պատմութիւնը կը փաստէ, որ միջազգային փաստաթուղթերուն եւ ազգային սահմանադրութիւններուն մէջ մարդկային իրաւունքներու մասին ձեւակերպումներէն շատ առաջ մարդիկ նախ եւ առաջ կը դրսեւորէին իրենց յանձնառութիւնը սեփականութեան իրաւունքի եւ արդարութեան սկզբունքին նկատմամբ: Այսօր մարդկային իրաւունքները աւելի խորքային են եւ կ՛ընկալուին իբրեւ մարդկային հիմնարար ազատութիւններու, որոնց շարքին` տնտեսական եւ ընկերային արդարութեան երաշխիք», ըսած է Աբրահամեան:
Ըստ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, վարչապետը ընդգծած է, որ մարդակեդրոն զարգացման գաղափարախօսութիւնը ընդունելով իբրեւ ռազմավարական ուղենիշ` Հայաստանի կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն հռչակած է քաղաքացի-անհատին եւ անոր արժանապատիւ կենսակերպին երաշխաւորումը:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ այսօր Վրաստան կը մեկնի:
Ըստ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է Յովիկ Աբրահամեանի հանդիպումը Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ:
Աբրահամեան նաեւ պիտի այցելէ Թիֆլիսի հայկական եկեղեցին եւ պիտի տեսակցի տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

