Օհանեան. «Ատիկա Ազրպէյճանական Կողմի Սադրանք Է»

1210_OhanianՊաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  երէկ խուսափած է մանրամասնութիւններ հաղորդելէ երեք օր առաջ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ:

Նախարարը այսուհանդերձ պնդած է, որ ատիկա ազրպէյճանական կողմի սադրանք է, եւ որ հայկական կողմը իրականացուցած է ոչ միայն պաշտպանական, այլեւ  կանխարգելիչ գործողութիւններ, որոնք «բազմաթիւ  պարագաներու կ՛իրականացուին մեր տարածքէն  դուրս: Պատճառը պէտք է փնտռել ճիշդ այդ սադրանքներուն մէջ, եւ մեղքի մեծ բաժինը պէտք է հակառակորդը նաեւ վերցնէ իր վրայ», ըսած է Օհանեան:

Յայտնենք, որ 8 դեկտեմբերին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ  արձանագրուած դէպքին ընթացքին հակառակորդին կրակոցէն զոհուած էր զինուոր Գարիկ Իսպիրեան, որ Ղարաբաղի նախագահին  կողմէ յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով:

Դէպքին կապակցութեամբ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ հայկական հետախուզական  խումբերը փորձած են անցնիլ սահմանագիծը: Հայկական կողմը հերքած էր` առանց յաւելեալ մանրամասնութեան:

Նախարար Օհանեան եւս երէկ չբացաւ  փակագիծերը. «Ցաւօք, անոնք նաեւ իրենց մէջ կը պարունակեն գաղտնիութիւն, ատոր համար բաւարարուինք այնքանով, որքանով որ ես ըսի»:

Գնահատելով անցնող տարին, որուն ընթացքին  արձանագրուեցան հետախուզական ներթափանցման փորձեր, ինչպէս նաեւ  զինադադարի ընթացքին առաջին անգամ կործանեցաւ հայկական զինուորական ուղղաթիռ` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ըսած է. «Նախապէս եթէ  Արցախի պաշտպանութեան բանակի հատուածին մէջ, ըսենք, նուազագոյնը կ՛ըլլային 35-50 կրակոցներու միջադէպեր եւ այդտեղ կ՛օգտագործէին մինչեւ հազար փամփուշտ, այսօր այդ կրակոցներուն թիւը կը հասնի 170-200-ի, եւ  փամփուշտներուն թիւը 3 հազարէն մինչեւ 6 հազարի կը հասնի»:

Նախարարը յստակացուցած է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինեալ  ուժերը կը պատասխանեն միայն արձակազէններուն եւ կանոնաւոր կրակոցներուն:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ ի՞նչ նորութիւններ կան կործանած ուղղաթիռին փաստով յարուցուած գործէն: Սէյրան Օհանեան պատասխանեց, որ տակաւին կ՛ընթանայ նախաքննութիւն, եւ տեղեկութիւն չի կրնար յայտնել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES