Մանոյեան. «Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուաճում Պիտի Ըլլայ Պահանջատիրութեան Հարցին Մէջ Համազգային Համախոհութիւնը»
Ամփոփելով այս տարի արտաքին քաղաքական մարզին մէջ կատարուած իրադարձութիւնները` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին առանձնացուց երեք կարեւոր իրադարձութիւններ: Առաջինը Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու փաստն է, որ պէտք է դիտարկել Ուքրանիոյ մէջ կատարուող վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Երկրորդը` ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի խախտումներու յաճախակի դառնալը, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ ետ քայլ եղաւ: Երրորդը Սուրիոյ մէջ կատարուող հոլովոյթներն են, որոնք թէեւ ուղղակի չեն առնչուիր Հայաստանին, սակայն կարեւոր կը նկատուին` յատկապէս տեղւոյն հայկական համայնքին կապուած:
Կ. Մանոյեան նաեւ խօսեցաւ ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին: Ըստ անոր, մեծագոյն նուաճումը պիտի ըլլայ այն, որ համազգային համախոհութիւն ըլլայ պահանջատիրութեան հարցին մէջ, որ խօսինք ոչ միայն ցեղասպանութեան փաստին ճանաչման կամ ատիկա ժխտելը քրէականացնելու մասին, այլ նաեւ ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու պահանջին մասին: Ինչ կը վերաբերի անոր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրած է Թուրքիոյ նախագահը յառաջիկայ տարուան 24 ապրիլին Երեւան գալու, Կ. Մանոյեան ատիկա ոչ թէ իբրեւ հրաւէր, այլ իբրեւ մարտահրաւէր կը բնորոշէ, որովհետեւ եթէ Թուրքիա կը կարծէ, թէ տակաւին ցեղասպանութեան փաստին կապուած քննարկուելիք հարցեր կան, Էրտողան Հայաստան գալով կը ստանայ այդ բոլոր հարցերուն պատասխանը:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած յայտնի արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Կիրօ Մանոյեան այս անգամ ալ նշեց, որ Հայաստան պէտք է իր ստորագրութիւնը ետ կանչէ այդ փաստաթուղթերէն, որովհետեւ անոնցմով մենք կը կորսնցնենք Թուրքիոյ հողային պահանջներ ներկայացնելու իրաւունքը: «Անոնք իրաւական փաստաթուղթեր են եւ պէտք է «սպաննուին»: Իսկ Թուրքիա ստորագրութիւնները ետ կանչելու առիթներ տուած է», ըսած է ան: Իսկ ամէն տարի 24 ապրիլին Օպամայի արտասանած խօսքին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառին սպասելու վերաբերեալ Կիրօ Մանոյեան յորդորեց սրտատրոփ չսպասել ատոր, այլ ճիգ թափել պահանջատիրութեան հարցին մէջ համազգային համախոհութիւն ցուցաբերելու:

