Ֆալքաօ. «Վան Նիսթըլրոյ Ինծի Համար Օրինակելի Խաղացող Է»
Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբի քոլոմպիացի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաօ նշեց, որ ակումբի նախկին ֆութպոլիստներէն իրեն ամէնէն շատը տպաւորած է հոլանտացի յառաջապահ Ռուտ Վան Նիսթըլրոյը:
Նշենք, որ հոլանտացի ֆութպոլիստը «Կարմիր սատանաներ»-ու խումբին մաս կազմած է 2001-էն 2006 թուականներուն:
Ֆալքաօ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Միշտ հիացած եմ Նիսթըլրոյի խաղով: Ան ինծի համար օրինակելի խաղացող մըն է: Ես կը սիրէի նաեւ Ռայըն Կիկզի եւ Փոլ Սքոլզի խաղաոճը»:
Ան աւելցուց նշելով. «Չեմ կրնար չյիշել Տէյվիտ Պեքհամը: Ան բազմաթիւ կապեր հաստատեց հետս, երբ միացայ Եունայթըտի: Չմոռնանք նաեւ Էրիք Քանթոնան, որ իր կարգին լաւ եւ քարիզմաթիք խաղացող էր»:
Նշենք, որ Ֆալքաոյի այս խօսքերը նշուած են Մանչեսթըր Եունայթըտի «Ինսայտ Եունայթըտ» ամսաթերթի այս ամսուան թիւին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

