Ո՞վ Կը Դառնայ Փորթուգալի Պատմութեան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քուէարկութեան դրած է որոշելու համար Փորթուգալի պատմութեան մէջ լաւագոյն ֆութպոլիստին անունը:
Այս քուէարկութիւնը որոշուած է Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնի 100-ամեակին առիթով: Այս լուրը կը հաղորդէ փորթուգալեան «Ռեքորտ» լրատուական միջոցը:
Թեկնածուներու ցանկին վրայ են Ոսկիէ գնդակի նախկին եւ ներկայ շահողներ Էյզեպիօ, Լուիս Ֆիկօ եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Նշենք, որ պատուաւոր այս արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 14 յունուար 2015-ին, Փորթուգալի Էսթորիլ քաղաքին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

