Ծանրամարտ . Հայաստանի Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչը Պաշտօնանկ Եղաւ

1210_WeightliftingՀայաստանի ծանրամարտի ֆետերասիոնը գումարեց յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան հայ մարզիկներուն արդիւնքները: Նիստին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստումեան եւ մարզական խորհուրդի անդամներ:

Բոլորը միաբերան ըսին, որ վերջին արդիւնքները անբաւարար էին եւ որոշեցին պաշտօնանկ ընել ծանրամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պօղոս Պօղոսեանը:

Նշենք, որ հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Փաշիկ Ալավերդեան: Վերջինս յաջորդող երկու շաբթուան ընթացքին պէտք է ներկայացնէ 2016 թուականի ողիմպիական խաղերուն  նախապատրաստական հանգրուանի ծրագիրը:

Share this Article
CATEGORIES