Ուխտագնացութիւն Դէպի Սասուն (Մաս Ա.)

ՎԱՀԷ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մարութայ Սարի Վրայ Արձակուրդ

1112_MaratougԾերունին կ՛երգէ քրտական «Կուլօ» երգը: Բարձր ու յստակ ձայնով կ՛երգէ երկար «աման»-ներ, որոնք անգամ մը եւս պատմուող հին ողբերգութեան մը համահունչ են: Այդ ողբերգութիւնը կը վերաբերի Կիւլիզարի` երիտասարդ հայուհիի մը, որ քիւրտի մը կողմէ առեւանգուած էր եւ ամէն ջանք թափած էր քրիստոնեայ մնալու համար:

Երգեցողութեան ներկայացումը, որ ողբերգութեան հերոսուհին պատուելու համար էր, ունկնդիրները քիչ մը ցնցեց: Ներկաներէն ով կրնար երեւակայել լսել Գոմքի վերջին քահանայի շառաւիղներէն հայ գիւղացի մը, որ 125 տարի ետք իր մօր մեծ մօր անունը կու տայ: Մանաւանդ այստեղ, Մարութայ սարի լանջերուն, 2975 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող եւ ամբողջ Սասունին հսկող գագաթին այսքան մօտ:

Այդտեղ ի՞նչ ընելու գացած էինք. ուխտագնացութեան: Խումբի երիցագոյն անդամին նախապէս Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին յղացած այս գաղափարը անակնկալի բերած էր սասունցի Պեսէն, որ երեք տարեկանէն ի վեր Պոլիս բնակող սասունցի մըն է: Ըստ անոր, ամէն տարի յունիս ամսուան վերջաւորութեան, Վարդավառի տօնի առթիւ, երեւութապէս իսլամ մարդիկ կը մագլցին լեռը հայկական հին մատուռին մէջ աղօթելու համար քրիստոնեաներու հետ: Այդ իրողութիւնը մեծապէս հետաքրքրեց խմբակը, որ որոշեց այդ երեւոյթը տեսնել: Էջք կատարեցինք Անատոլուի արեւելքը գտնուող Պաթմանի մէջ: Գիւղին մէջ գտնուող պանդոկ մը գացինք եւ շուտով յունիսի գեղեցիկ մէկ առաւօտուն փոքր փոխադրակառքով մեկնեցանք դէպի Սասուն:

Սասուն գիւղաքաղաք

Սասուն գիւղաքաղաք

Ուխտագնացութեան ղեկավարի, առաջնորդի եւ թարգմանի դերը ձրիաբար ստանձնած Պեսէի կողքին, մեզի հետ էր Պոլիսէն անոր հայ ընկերուհիներէն մէկը` Անին, որ միայն թրքերէն կը խօսի եւ 11 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ իր ծննդավայրը եւ ընտանեկան պարտաւորութեան տակ է այցելելու իր երկու քոյրերուն, որոնք ոչ յստակ պայմաններու տակ ամուսնացած են իսլամներու հետ: Մեզի հետ է նաեւ Հայաստանէն Սթելան, որ ACBA դրամատան մէջ աշխատող հողագործութեան ճարտարագէտ է եւ համացանցին վրայ դէպքին մասին լսելով` մեզի միացած է Յունաստանէն, ուր կ՛անցընէր իր արձակուրդը: Փոքր փոխադրակառքին ետեւը նստած են երկու քիւրտեր, որոնք պտոյտին կը մասնակցին: Առաջինը` Պեհճեթ, դպրոցի ուսուցիչ եւ լուսանկարիչ է, որ մեծապէս հետաքրքրուած է Սասունի բնութեամբ ու մշակոյթով եւ անոր յատկացուած կայքէջ մը ունի sasun.org: Երկրորդը`  Հաքանը, որ անգլերէն կը խօսի, Պաթմանի քաղաքապետարանին մէջ պաշտօնեայ է եւ երիտասարդ ձախակողմեան մըն է, որ յառաջդիմական գաղափարներ ունի: Վերջապէս, վարորդն է` մեծայարգ Իլհամի Մուխթար Իսմեթը` մուխթարը կամ իշխանութեան ընտրովի ներկայացուցիչը, որ պատասխանատու է նախակրթարանի կրթութեան, հասարակական առողջութեան եւ Սասունի վարչական գետնի վրայ Պաթման նահանգին, ուր տակաւին հայ քրիստոնեայ ընտանիքներ կ՛ապրին: Սասնոյ գիւղերէն Փիրչենքի մէջ հայ քրիստոնեայ ընտանիքներ կ՛ապրին: Ան շրջանի այն բնակիչներէն է, որ հակառակ մարտ 2013-ին հաստատուած զինադադարին մաս կը կազմէ 65 հազար հաշուող «գիւղի պահակներու»-ն, որոնց պարտականութիւնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ պայքարիլն է:

Սասուն գիւղին մէջ կարճ ժամանակով կանգ առնելէ ետք, հասաւ պահը մուտք գործելու առասպելական բարձրաւանդակը: Կը մտածենք Սասունցի Դաւիթի մասին, 10-րդ դարու հայկական դիւցազներգութեան մասին, որուն դղեակը քիչ մը աւելի հեռու է, արծիւի մը բոյնէն վեր, «երկու աղբիւրներու խաչմերուկին», ճիշդ ինչպէս պատմութեան մէջ նշուած է: Կը պատկերացնենք ֆետայիները, հնչակեան կամ դաշնակցական, մէկը միւսին կպած ձիւնին մէջ պաշտպանուելու համար բուքէն: Կը յիշենք այն պահը, երբ Սասնոյ տղամարդիկը, կիներն ու մանուկները, 1915-ին իրենց բարձրադիրք գիւղերէն դիտեցին Մշոյ դաշտին եկեղեցիներու հրկիզումը, որոնց մէջ հաւաքուած էր տեղւոյն բնակչութիւնը: Այդ բնակչութենէն փոքր թիւ մը միայն, ափ մը զինեալ կամաւորներու կողմէ առաջնորդուելով, յաջողեցան ազատիլ ջարդէն:

Հետեւելով Սասուն գետի հունին` ճամբան կը հանդիպինք երկար ձորերու խառնիճաղանճի մը, որոնք իրարմէ անջատ են: Քիչ մը բարձրանալով` կը հասնինք կիրճերու` երբեմն անցնելով գիւղերու մօտէն, որոնց տուները մէկ կամ երկու յարկանի են, առաստաղը տափարակ: Այստեղ եւ այնտեղ կ՛երեւի մզկիթի մը նորակառոյց մինարէն:

 

 

«Ֆրանս Արմէնի»

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )