Արքայազն Չարլզի Այցելութիւնը Բրիտանահայ Համայնքին

1212_charles1Բրիտանահայ համայնքի պատմութեան մէջ 19 նոյեմբեր 2014-ը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի մնայ որպէս ամէնէն յիշարժան թուականներէն մէկը: Համայնքի գոյութեան աւելի քան 150 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Թագաւորութեան թագաժառանգ, Ուելսի արքայազն Չարլզը այցելեց Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ բրիտանահայ համայնքի անդամներուն, հոգեւոր առաջնորդին, կրօնական դասուն, ազգային բարերարներուն եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ աշխատանքային այցելութեամբ Լոնտոն գտնուող Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

Արքայազն Չարլզի հետաքրքրութիւնը` Հայաստանի եւ բրիտանահպատակ հայերուն նկատմամբ նոր չէ, անիկա արդիւնք է աւելի քան երկու տասնամեակի պատմութիւն ունեցող ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու` Հայաստանի նախկին վարչապետ ու Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի առաջին դեսպան Արմէն Սարգսեանին հետ: Բարեսիրութեան նկատմամբ այդ երկու անձերուն ոնեցած մեծ նուիրուածութիւնն է, որ մօտեցուցած է զանոնք ու հանդիսացած` ապագայ բարեկամութեան հիմք: Տարիներու ընթացքին համագործակցութիւնը վերածուեցաւ միացեալ նախաձեռնութիւններու մշակման, որ մարմին առաւ «Երեւան իմ սէր» գեղեցիկ ծրագիրին միջոցով:

Տեղին է յիշել նաեւ 2013 թուականին արքայազն Չարլզի Հայաստան տուած առաջին այցելութիւնը: Այդ ճամբորդութենէն արքայազնը վերադարձած էր վառ տպաւորութիւններով եւ աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ ու շարունակած էր կապը հայութեան հետ, աւելի ընդարձակ ու խորունկ կերպով ծանօթացած` Հայաստանին, հայ ժողովուրդին եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու ժառանգութեան:

Վերջին տարիներուն Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ողբերգական զարգացումները մեծապէս մտահոգած էին նաեւ արքայազնը: Ան յատկապէս անհանգստացած էր ճակատագիրով այդ տարածաշրջանին մէջ արեւելեան քրիստոնեաներուն` ասորիներու, ղպտիներու, հայերու, որոնց թէ՛ ֆիզիքական գոյութիւնը եւ թէ՛ հոգեւոր ու պատմամշակութային ժառանգութիւնը մեծապէս վտանգուած է կամ կը գտնուի ոչնչացման եզրին: Վերջերս իր ելոյթներէն մէկուն մէջ ան նշած էր, որ աննկարագրելի ողբերգութիւն է, երբ քրիստոնէութիւնը նման վտանգաւոր կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Քրիստոնեայ համայնքներուն իր աջակցութիւնն ու քաջալերանքը յայտնելու համար վերջին ամիսներուն արքայազնը այցելած էր Լոնտոնի անոնց կեդրոններն ու եկեղեցիները:

1212_charlesՍ. Եղիշէի դարպասներուն մօտ արքայազնը դիմաւորեցին` Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեանը, Բրիտանիոյ հոգեւոր առաջնորդ եւ կաթողիկոսական պատուիրակ Վահան եպս. Յովհաննիսեանը եւ ազգային բարերար Վաչէ Մանուկեանը:

Հայկական փառահեղ  եկեղեցւոյ կամարներուն տակ ընթացող այդ հանդիսաւոր արարողութեան արքայազն Չարլզը համայնքին անունով ողջունեց Վահան սրբազանը: Այնուհետեւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Արմէն Սարգսեանը, որ նաեւ մէջբերեց արքայազնի Հայաստան այցելութենէն յիշարժան պահեր` նշելով, որ Ս. Եղիշէն հաւասարապէս, ինչպէս բրիտանահայ համայնքի, այնպէս ալ անոր տունն է:

Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու ողբերգական իրավիճակին մասին խօսեցաւ իրաքահայերու հոգեւոր առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան:

Ուելսի արքայազնը իր խօսքին մէջ նշեց, որ ցաւ կ’ապրի քրիստոնեաներուն նկատմամբ գործադրուած բռնութիւններուն ի տես եւ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ աւերումը նկատեց անմիտ ու բարբարոս արարք: Ան նաեւ յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց Արմէն եւ Նունէ Սարգսեաններուն, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն` իրենց բարեսիրական ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Վահան սրբազանին եւ հայ համայնքին` այդ հիանալի ու ջերմ ընդունելութեան համար:

Համայն աշխարհին, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար միացեալ աղօթքէն ետք, արքայազն Չարլզը շրջագայեցաւ եկեղեցւոյ մէջ` ծանօթանալով եւ կարճատեւ զրոյց ունենալով համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )