Կը Զոհենք Մշակոյթ, Ինքնութիւն Ազգ Ու Հայրենիք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Միշտ խորհած եմ, որ իրաւ մեծերու աշակերտելով` մենք մեզ եւ մեր ժամանակը կրնանք ճանչնալ: Այդ մեծերը խօսած են եւ` գրած: Կտակած են: Ժամանակ գտնելու քաջութիւն պէտք է զանոնք գտնելու եւ անոնցմով թափանցուելու համար, հասկնալու անցեալը, իմաստաւորելու ներկան եւ բովանդակութիւն տալու գալիքին:

Ֆրանսացի մեծ պատմաբան Ժիւլ Միշըլէ (1798-1874) կ’ըսէր, թէ լեզուն ազգի ոգին է, իսկ ազգի մը գոյատեւման պատուանդանը իր հողն է: Այս պարզ, բայց հիմնական իմաստութիւնը եթէ չէ կորսուած բոլորովին, գրեթէ անգիտացուած է սփիւռք(ներ)ի մէջ, եզրակացուած է, որ այլ կերպ կարելի չէ: Անհոգի գործնապաշտութիւն մը:

Այսինքն պէտք է հաշտուիլ ոգի-լեզուի կորուստին հետ :

Այս տեղատուութիւնը համաճարակային է, եւ ղեկավարման բոլոր մակարդակներուն` իրապաշտութեամբ ընդունուած սփիւռք(ներ)ի մէջ: Ան տարբեր ձեւերով եւ պատճառաբանութիւններով զարգացած էր Հայաստանի մէջ, խորհրդային օրերուն, Մեծ Հայրենիքի մէջ ասպարէզի յաջողութեան համար, եւ կը զարգանայ այսօր` արդիականութեան եւ պիզնեսային անմիջականութեան աստղին տակ: Եթէ բուժուինք դիրքապաշտութիւններէ եւ հանենք մեր աչքերու կապանքները, կը տեսնենք անհարազատութեան հեղեղային արագութեամբ զարգացումը:

Անցած դարու մեր ամէնէն վաւերական մտաւորականներէն Շաւարշ Նարդունի (1898-1966) կ’ըսէր, թէ ամբողջական գրականութեան տեսաբանները կը դաւանին նաեւ, որ գրականութիւնը չափանիշ է ժողովուրդի մը քաղաքակրթութեան եւ ընդունակութեան, ինչպէս` իբրեւ նպատա՛կ գոյութեան. անկցի՛ այն ժողովուրդը որ գրականութիւն չունի, քաղաքակրթութիւն չունի: Քաղաքականութիւնը միջո՛ց մըն է պաշտպանելու հայրենիքը` իբրեւ պարունակ մշակոյթի, հետեւաբար ստորադաս գրականութենէն, թէեւ անհրաժեշտ: Եթէ այսօր Շաւարշ Նարդունիի տեսութեան ոսպնեակէն դիտենք մեր իրականութիւնը, առանց ինքնարդարացման ճապկումներու կամ տարբեր շահախնդրութիւններէ ծնունդ առնող ենթաքաղաքական ճառի, պիտի տեսնենք, որ հայ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), խորթացած է իր գրականութեան նկատմամբ, որ ան դադրած է չափանիշ ըլլալէ մե՛ր քաղաքակրթութեան, որ վարձու անլոյս սենեակ է կամ կապկում: Դադրած ենք խորհելէ, որ մեր սեփականն է հպարտառիթը, արմատներու անձնագիրը: Արդարեւ, ազգի պատկանելիութեան անձնագիրը սեփական գրականութեամբ կը ստացուի: Շատ լաւ է Քիփլինկ, Քամիւ, Թակոր, Շէյքսփիր եւ Մութեննեպի ճանչնալ, անոնք մեզի կը փոխանցեն ընդհանուր զարգացում, պատուհան են աշխարհի վրայ, բայց հայու ինքնութիւնը կը խմորուի Խորենացիով, Նարեկացիով, Ալիշանով, Աբովեանով, Տէրեանով, Վարուժանով, Մեծարենցով, բոլոր միւսներով, հիներով եւ նորերով: Այս վերջինները երբ բացակայ են մեր անձնագրէն, Շաւարշ Նարդունի պէտք չունի ըսելու` «անկցի՛ այն ժողովուրդը, որ գրականութիւն չունի, քաղաքակրթութիւն չունի», քանի որ արդէն ինկած կ’ըլլայ, նոյնիսկ եթէ չի գիտակցիր իր անկման:

Երբ ազգ մը, զանազան ազդակներու ճնշման ներքեւ կը դատարկուի ամբողջականի տեսիլքէ, զոր սովորաբար կը կոչենք ազգային գաղափարախօսութիւն, կ’ընդգրկուի արագ կամ դանդաղ անհետացման ընթացքի մէջ: Վերջին հարիւրամեակի արտաքին վատ ազդակներու եւ ներազգային անհեռանկար թափահարումներու որպէս հետեւանք` այդ անհետացման վտանգին ենթակայ ենք, անցեալին կ’ըսէին այլասերում, հիմա չենք ըսեր: Նման հաստատում կրնայ յոռետեսութիւն համարուիլ, վհատեցնող: Իսկ եթէ խորհինք, որ ան իրատեսութիւն է` վերականգնումի հեռանկարով, աւելի հաւատարիմ չե՞նք ըլլար մեր ազգին:

Ֆրանսացի մեծ պատմաբանը, որուն ժողովուրդը գիտցած է միշտ իր լեզուն պաշտպանել եւ յղկել, նաեւ այսօր, հակառակ համաշխարհայնացման հարթող գլանին, կ’ըսէ, թէ լեզուն ազգի մը ոգին է: Կ’աւելցնէ, որ ազգի մը գոյատեւման պատուանդանը իր հողն է:

Այս պատմաբանը տօնական օրերու կամ ընտրական հանրահաւաքներու ճառախօս չէ: Չի խօսիր կիրքեր հրահրելու կամ մոլեռանդութիւն տարածելու համար: Իր խօսքը կը գծէ սահմանները ինքնութեան, հաւատարմութեան եւ  վաւերականութեան:

Մեծերու ճառագայթող մտածումները աշխարհագրական սահմաններ չունին եւ չեն պարփակուիր ժամանակահատուածներու մէջ: Անոնք տեւաբար կը հրաւիրեն ըմբռնելու մարդը, անցեալը, գալիքը: Նոյն շաբթուան ընթացքին ներկայ եղայ երկու «հաւաքոյթներ»-ու եւ հին թուղթերու մէջ գտայ նաեւ ֆրանսացի պատմաբանին եւ հայ մտաւորականին խօսքերը: Միաժամանա՛կ: Այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ կարծես խորհրդակցած էին` դատելով մեր ներկան:

Ո՞վ չի լսեր, որ հայերէնը կ’աղաւաղուի, կը նահանջէ, գործածութենէ կը դադրի որպէս անպէտք իր: Կ’աղաւաղուի, աղաւաղուած է նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, սփիւռք(ներ)ի մէջ հոյամողէզի քայլերով եւ կը նահանջէ, հետզհետէ հասնելով անվերադարձի գիծը: Այս ժանտատեսիլ նահանջի «ժողովրդական» եւ «մտաւորական» բացատրութիւնը լսած եմ Արեւելքի գործնապաշտներէն եւ Արեւմուտքի վկայեալներէն, ըստ որոնց, «հայերէնը փոր չի կշտացներ» կամ «հայերէնը պիզնեսի լեզու չէ, այլ ռոմանթիկ լեզու է»: Նոյն բանը ըսած են հացապաշտները եւ համալսարանաւարտի գդակ ունեցողները: Հրաժարելով լեզուէն` անոնք ճամբայ կը հարթեն ազգի ոգիի կորուստին:

Ազգի ոգիի կորուստէն ետք ո՞ր ինքնուրոյնութեամբ պիտի տեւէ ազգը, հողի մը վրայ, որ ըլլայ ազգի պատուանդան: Ո՞ր ազգին: Հողին վրայ միշտ ապրողներ պիտի ըլլան: Աւստրալիան այսօր բնակուած է, ոչ թէ` իր բազմադարեան բնիկներով: Նորերը ժառանգորդները չեն բնիկներու ոչ լեզուին, ոչ մշակոյթին, անոնք շարունակութիւն չեն: Տարբեր կամ նոր ազգ են: Երեւակայեցէք պահ մը, որ լեզուի աղաւաղումը եւ աստիճանաբար օտար լեզուի գործածութիւնը զարգանայ Հայաստանի մէջ, պետական լեզու ըլլալէ դադրի հայերէնը, քանի որ ան «ռոմանթիկ» լեզու է եւ «պիզնես»-ի լեզու չէ, Հայաստանը կրնայ մնալ որպէս աշխարհագրական բացատրութիւն, բնակիչներն ալ կ’ըլլան ծագումով հայեր, որոնք թերեւս կոչուելով հանդերձ, «հայ» շարունակութիւն պիտի չըլլան: Հող-հայրենիքը պիտի ըլլայ պատուանդան նոր ազգի մը, նոյն կամ տարբեր անունով:

Մարդորսական վերաբերումը (proselytisme), մեր կացութիւնը արդարացնելու կամ դեռ ժամանակ մըն ալ համրանք պահելու եւ ցուցադրելու համար, ազգապահպանման նպաստ չեն: Եթէ ոգին կորսուի, եթէ ոգիէն հրաժարինք, ի՞նչ պիտի պահենք: Պիտի շարունակենք ջուր ճղբացնելով, համայնքի վիճակի մէջ ապրիլ:

Հարկ է լսել նաեւ Նարդունին: Հիմա որ հայերէն խօսք ու գիրը կ’անհետանան մեր առօրեայէն, գիրք եւ գրականութիւն ամէն օր քիչ մը աւելի չնչին փոքրամասնութիւն մը կը հետաքրքրեն (տեսնել հայերէն թերթերու եւ գիրքերու տպաքանակը եւ մանաւանդ` սպառումը), ո՞ր գոյատեւման եւ հայապահպանման ճառին կարելի կ’ըլլայ հաւատք ընծայել: Նարդունիի իրատես խօսքը լսել, տարածել. «գրականութիւնը չափանիշ է ժողովուրդի մը քաղաքակրթութեան եւ ընդունակութեան, ինչպէս իբրեւ նպատա՛կ գոյութեան,- անկցի՛ այն ժողովուրդը որ գրականութիւն չունի, քաղաքակրթութիւն չունի»: Ի հարկէ Նարդունիի ուշադրութեան առարկայ ժողովուրդը հայութիւնն է: Անկասկած կան մշակուած օտարալեզու հայեր, տաղանդաւոր մարդիկ, գրող եւ բանաստեղծ, որոնց ստեղծագործութեան լուսարձակին տակ կրնան ըլլալ հայն ու հայուն պատմութիւնը, բայց անոնք կրնան զուարճացնել ծագումով հայերը եւ հեռացածները, որոնք մկրտութեան, պսակի կամ թաղման հաւատարմութիւն թերեւս պահած կ’ըլլան: Բայց այդ հաւատարմութիւնը, պատմաբան Միշըլէի լեզուով, ոգի չունենալով կը դառնայ օտար:

Միշըլէ եւ Նարդունի ի՞նչ պիտի հաստատէին այսօր:

Անոնք պիտի տեսնէին, որ լեզու-ոգին տեղի տուած է, յաճախ վերջնական կերպով:

Ազգի կէսէն աւելին զրկուած է գոյատեւման պատուանդան եւ գրականութիւն-մշակոյթի պարունակ հողէն, միւս մասը այդ հողը լքելու տենդով վարակուած է, կամ զայն դարձուցած է սոսկ կենցաղային-պիզնեսային միջոց:

Ինչո՞ւ այսպէս դարձած ենք, ինչո՞ւ այսպէս ենք:

Անմիջականի եւ եսականի ջրապտոյտին մէջ բռնուած ենք: Ոչ ոք կ’ուզէ ազգային ընդհանրականի հրամայականը տեսնել եւ իմանալ: Բացակայ է ընդհանուր տեսիլքը, անհատականէն հեռու մակարդակը: Բացակայ է նաեւ այն ուժը,- անհատ, կազմակերպութիւն, պետութիւն, որ ըլլայ իսկական առաջնորդութիւն, ինչպէս` Աստուածաշունչի Մովսէսը, կամ` Հնդկաստանի Կանտին: Ափսոս, որ Կանտին հայ չէր, որ ոչինչ ունէր, փառք չէր հետապնդեր, պերճանքի մէջ չէր ապրեր, բայց երբ խօսէր, այդ հսկայ երկրի բազմահարիւր միլիոններով մարդիկ կ’անսային, երկաթագիծին վրայ կը պառկէին, ասպարէզ կը կարդային վայրագ վայրաշարժին:

«Զգացում»-ը բաւարար չէ ազգ գոյացնելու համար: Հրավառութիւնները բոցի տեւողութիւն ունին:

Այսօր ինչպէ՞ս պիտի վերականգնենք խորքը: Այս խորքը Միշըլէի լեզու-ոգին է, որուն փշրանքներով գոհանալ տօնի վերածուած է սփիւռք(ներ)ի մէջ, Հայաստանի մէջ լքումի առարկայ է` նիւթապաշտութեան ճնշման տակ եւ գրականութիւն-գիրք քաղաքակրթութիւն չի բերեր զանգուածին, աւելի ճիշդ` զանգուածը փակուած է անոր առջեւ:

Ինչպէ՞ս յառաջացած է այդ փակումը: Եղածը փրկելու անշահ եւ անվաղորդայն ճապկումներով:

Իսկ երբ այդ ոգին չկայ, այդ ոգիով գրականութիւնը չի ժառանգուիր եւ չի ստեղծուիր: Կը յանգինք Նարդունիի «անկցի՛»-ին, որմէ ետք կ’ըլլայ նորի սկիզբ, բայց` ո՛չ շարունակութիւն:

Եթէ ուշ չէ, ներազգային վերականգնումի իսկական գաղափարախօսութիւն եւ նախաձեռնութիւն անհրաժեշտ են, զորս պէտք է կենսագործել անմիջականի տուրք տալու պարտուողականութենէ անդին, մշակելով եւ գործադրելով հակախարխափում ղեկավարում մը, որ չտնտեսէ տեղատուութիւնը, չզբաղի մարդորսութեամբ եւ մրցակցութիւններով, հրաժարի ձախողութիւններ բացատրելու-արդարացնելու ճապկումներէ:

Այս ընելու համար անհրաժեշտ է որակի եւ տեսիլքի յեղափոխութիւն մը, միջիններէ եւ, չես գիտեր, ի՛նչ ընելու միտող համախոհութիւններէ անդին անցնելով, նոյնիսկ եթէ կուռքեր վար պիտի առնուին իրենց պատուանդաններէն:

Այդ կ’ըլլայ վերականգնումի, տոկալու եւ տեւելու համար վճարուելիք գինը: Եթէ արմատներուն համար հաւատարիմ ենք, եւ եթէ այդ հաւատարմութիւնը փուչիկ ճառ չէ, ձանձրոյթ փարատող կիրակնօրեայ զբօսանք չէ, ինչպէս` բարձրախօսներու փսխած հայ երգ համարուող գինովներու աղմկարարութիւնը:

19 նոյեմբեր 2014 (Քուինզ, Նիւ Եորք)

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )