Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Առողջ Երկարակեցութիւնը» Նիւթով

Շաքէ Բարմաքսզեան

Շաքէ Բարմաքսզեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ երկարակեցութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանի մասնագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ երկարակեցութիւնը թէեւ որոշ չափով ժառանգական է, սակայն առողջ երկարակեցութեան համար սնունդը, մարզանքը, աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կեանքի նկատմամբ լաւատեսութիւնը նպաստաւոր պայմաններ են:

Դասախօս Շաքէ Բարմաքսզեան իր ներածականին մէջ յիշեց Հին կտակարանէն Մովսէս մարգարէն, ապրած է 120 տարի: Աստուածաշունչը կ՛աւելցնէ. «իր տեսողութիւնը պղտորած չէր եւ իր ուժը, զօրութիւնը պահպանած էր»: Մարդ արարածը երկար ապրելու կարողականութիւնը ունեցած է: Անցեալ դարու սկիզբը` 1900-ական թուականներուն, մարդիկ կ՛ապրէին միջին հաշուով 45 տարի, իսկ ներկայիս երկարակեցութեան ակնկալութիւնը 80 տարի է:

Սահմանելով երկարակեցութիւնը` դասախօսը նշեց, որ անիկա այն կարողականութիւնն է, որ ողջ անհատը, որոշ ցեղի պատկանող, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, իր ծննդեան թուականէն սկսեալ, ծրագրուած է ապրելու առաւելագոյն տարիքի հասնելու համար: Ի մտի պէտք է ունենալ, թէ նոյն ցեղին պատկանող անհատի մը միջին երկարակեցութեան ակնկալութիւնը փոփոխական է: Երկարակեցութեան մրցանիշը կոտրած է Ժան Լուիզ Քալմանը (1875-1997)` ապրելով 122 տարի եւ 164 օր:

Շաքէ Բարմաքսզեան նշեց նաեւ այն երկիրները, ուր մարդիկ աւելի երկար եւ առողջ կ՛ապրին, նկատի ունենալով կլիմայական պայմանները: Այս բաժինով կ՛արժէ յիշել հայկական աշխարհէն Լեռնային Ղարաբաղը, ինչպէս նաեւ Արմաւիրի մարզը:

Երկրորդ բաժինով դասախօսը նշեց տարբեր պատճառներ, ազդակներ, որոնք կը նպաստեն ներկայ ժամանակաշրջանին առողջ երկարակեցութեան:

ա.- Առողջապահական դիտանկիւնէն նախազգուշական զանազան միջոցառումները.

Հսկել մարմնի ընդհանուր առողջութեան` հեռու մնալով գիրութենէ, ոգելից ըմպելիէ եւ տարբեր մոլութիւններէ, որոնք նպաստաւոր չեն առողջ ապրելաձեւին համար:

Շարունակաբար մարզանքի հետեւիլը:

Ծննդաբերութեան եւ մանկաբուժութեան մարզերուն մէջ տարբեր յառաջդիմութիւնները:

Մանրէներու դէմ հականեխումը, անթիպիոթիքները, պատուաստները:

Վիրաբուժութեան եւ ատամնաբուժութեան արդիականացումը:

բ.- Ընկերային դիտանկիւնէն.

Աշխատանքի պայմաններու բարելաւումը:

Վճարովի արձակուրդը:

Շինարարական եւ կառոյցներու նկատմամբ ապահովութեան առկայութիւնը:

Շաքէ Բարմաքսզեան պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է երկար եւ առողջ ապրիլ, նշեց հետեւեալ կէտերը.

Քունի դերակատարութիւնը:

Կեանքին մէջ նպատակ մը հետապնդելը:

Հետեւիլ կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, բժիշկի այցելութիւններուն, պատուաստներուն, նախազգուշական քննութիւններուն:

Վերջին եւ երրորդ բաժինով դասախօսը ներկայացուց գիտնականներու հետազօտութիւնները` առողջ երկարակեցութեան մարզին մէջ:

Կենսաբանութեան ծիրին մէջ, արդի արհեստագիտութեան եւ կենսաբժշկութեան օգնութեամբ գիտնականները կը սերտեն մարդկային բջիջներու կազմը` յայտնաբերելու ու կանխարգիլելու տարբեր հիւանդութիւններու պատճառները, յատկապէս ծինային հիւանդութիւններու պարագային:

Յատուկ աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան զարգացնելու դեղաբանութիւնը:

Տեղի կ՛ունենան լայն ուսումնասիրութիւններ` հասկնալու ուղեղային գործօնը` գիտակցութեան, յիշողութեան եւ ճանչնալու կարողութիւնները, յատկապէս  Ալզհայմըր, Փարքինսըն, հիւանդութիւններուն պարագային:

Հիւանդութիւններու դէմ դիմադրողականութիւնը աւելի զօրացնելու եւ պաշտպանելու հոլովոյթը:

Օգտագործել արդի արհեստագիտութիւնը դիմագրաւելու մարտահրաւէրները, պաշտպանել մեկուսացումէ, ստեղծելով այնպիսի միջավայր մը, որ անհատը ինքզինք ուրիշէն կախեալ չզգայ:

Ֆիզիքական թերութիւնները սրբագրելու կերպերը մշակել:

Աւարտին Շաքէ Բարմաքսզեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES