Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը` Սաժեսէն, 88-67 Արդիւնքով

10844844_10152933878374429_109055699_oԼիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը:

ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 88-67 արդիւնքով (15-15, 29-44, 48-62 եւ 67-88):

Հակառակ խումբին կրած այս պարտութեան, պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ մեծապէս զգալի էր պայքարի ոգին, եւ մրցումին ամբողջ տեւողութեան անոնք ցոյց տուին բացառիկ եւ սքանչելի  ներկայացում մը` իրենց կողքին ունենալով դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անընդհատ քաջալերեցին ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:

Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերն ու մրցումին մասնակցութեան տեւողութիւնը.

Մարիօ Ապպուտ (12’08”6 կէտ), Ռաշատ Մաքքանց

(37′ 05”, 29 կէտ, 11 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (34′ 37” 5 ռիպաունտ), Մեթիու Տիպ (1′ 06”), Մայքըլ Ֆրէյզըր (37′ 18”, 17 կէտ, 8 ռիպաունտ) Մարք Քորճեան (22′ 29”) Ճիմի Սալեմ (24′ 40”, 4 կէտ), Ճօ Վոկըլ (29′ 26” 8 կէտ, 6 ռիպաունտ) եւ Րաֆֆի Խալոյեան (1′ 06”, 3 կէտ):

Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Թերըլ Սթոկլին (37′ 25”, 30 կէտ, 4 ռիպաունտ), ապա` Հայկ Կէօքճեան (31′ 03, 15 կէտ եւ 11 ռիպաունտ):

Ինչ կը վերաբերի Բ. հանգրուանի մնացեալ մրցումներուն, յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռիատի-Շանվիլ 17:50 Մանարա
Հուփս-Թատամոն 17:50 Միշել Մըր
ՎԱՂԸ
Պիպլոս-Մութթահետ 16:00 Ժըպէյլ
Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )