Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր բոլոր ուժերը ուրիշներուն մի՛ տրամադրէ՛ք. քիչ մըն ալ ձեզի պահեցէք: Դուք ձեզի հոգ տարէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վիպային մթնոլորտի մէջ պիտի ապրիք, ծաղկեփունջով մը ձեր սիրելիին հետ, գլուխ գլխի: Երջանկութիւնը ձեզի հետ է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պէտք եղածին չափ ժամանակ չէք տրամադրեր ձեր ընտանիքին: Ձեր սխալին անդրադարձէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ժամանակը պիտի տրամադրէք երկխօսութեան եւ հաշտութեան օգտակար զրոյցի մը: Օրը լաւ է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ պահանջկոտ մի՛ ըլլաք, ձեր շուրջիններուն հետ լաւագոյն ձեւով վարուեցէք. եթէ այս ամէնը ընէք, բաւարար է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեր վրայ մեծ վստահութիւն ունիք եւ պիտի չխուսափիք պատասխանելէ, եթէ ուրիշներ հարցեր ստեղծեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր վախերուն եւ կասկածներուն մասին խօսեցէք ձեր շուրջիններուն եւ ըստ այնմ վարուեցէք անոնց հետ: Նկատի առէք մարդոց բնաւորութիւնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք ձերբազատիլ ձեր անտեղի գաղափարներէն, մօտեցէք ձեր բարեկամներուն, որպէսզի մոռնաք չար միտքերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին յատուկ անձնական տեսակէտներէն մի՛ հրաժարիք, եւ զանոնք կիրարկեցէք անվախօրէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր մտահոգութիւնը պիտի փարատի` եոկա մարզաձեւը կիրարկելով: Առիթ է ձեր առօրեան ներդաշնակելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր պիւտճէին ուշադրութիւն ըրէք եւ նոր որոշումներ կայեցուցէք, որպէսզի դուք ձեզի հաճոյք պատճառէք, առանց խորտակուելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուրիշներուն արժէքին կարեւորութիւն չէք տար ընդհանրապէս: Մի՛ արհամարհէք ոեւէ մէկուն կարողութիւնը:

