ՀՄԸՄ-ի Միօրեայ Միջմիութենական Սեմինար Եւ Զարգացման Մրցում
Կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետական կազմը եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդը մասնակցեցան Լիբանանի Ֆետերասիոնին կազմակերպած Միօրեայ միջմիութենական սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Սեմինարը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին` դրօշակի արարողութեամբ, Անթիլիաս մասնաճիւղի սկաուտներու ներկայութեամբ, ապա միութիւններու ներկայացուցիչները խմբակներու բաժնուած` արծարծեցին Լիբանանի սկաուտութիւնը հետաքրքրող եւ մտահոգող նիւթեր:
Ժամը 1:00-ի ճաշի դադարէն ետք խմբակները ներկայացուցին իրենց խմբակներուն պատրաստած առաջարկները, ապա տեղի ունեցաւ 2015-ի Ճափոնի ճամբարին մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Սեմինարի աւարտին ներկայ գտնուող 25 միութիւններուն բաժնուեցաւ ֆետերասիոնին ստացած Արաբական սկաուտութեան 100-ամեակի վկայագիրը:
***
Կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետական կազմի կազմակերպած զարգացման մրցումը (Jeopardy), որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 6:30-էն սկսեալ:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետական կազմի այս տարեշրջանի (2014 – 2015) աշխատանքներուն թեման նուիրուած ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` զարգացման մրցումին նիւթերը հետեւեալ ենթաբաժանումները ունէին հայոց պատմութենէ դէպքեր (մանաւանդ` դեկտեմբեր ամսուան վերաբերող), հայ գրականութիւն, ազատագրական շարժում, հայ դէմքեր, Ցեղասպանութեան նուիրուած կոթողներ, ՀՄԸՄ-ի միութենական եւ խմբապետական կեանք (փորձառութիւն):
Այս մրցումին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանէն 4 մասնաճիւղեր` Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Անթիլիաս եւ Ժտէյտէ:
Զարգացման մրցումը ընթացաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ, եւ անոր ընթացքին մասնաճիւղերը ներկայացնող խմբապետները սկաուտական եւ մարզական ոգիով, իրենց գիտելիքներով մրցեցան իրարու դէմ:
Մրցումին աւարտին բաշխուեցան մրցանակներ` բարձրագոյն նիշերը ապահովող մասնաճիւղներուն:

