Առողջ Ակռաներ Ունենալը Կարեւոր Է
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ակռաները մեր կեանքին մէջ անհրաժեշտ են: Անոնք ուտելիքները կը բզկտեն, որպէսզի մենք կարենանք զանոնք դիւրութեամբ կլլել եւ մարսել: Անոնք կ՛օգնեն նաեւ խօսելու: Եւ վերջապէս, անոնք մաս կը կազմեն մեր անձնաւորութեան. երբ մենք գեղեցիկ ակռաներ ունենանք, մեր ժպիտն ալ գեղեցիկ կ՛ըլլայ:
Մենք պէտք է շատ հոգ տանինք մեր ակռաներուն, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ անոնք էմայով` մեր մարմինին ամէնէն տոկուն նիւթով ծածկուած են, անոնք դիւրաբեկ են: Իւրաքանչիւր ճաշէ ետք անոնք յարձակումի կ՛ենթարկուին ուտելիքի մնացորդներով սնանող մանրէներուն կողմէ: Ցնցում մը կրնայ զանոնք կոտրել: Անոնք գանձեր են, որոնք պէտք է պահպանել:
***
Պատմութեան Ընթացքին
– Նախապատմական մարդիկը մեզի չափ ակռաներ ունէին, սակայն անոնց ծնօտը` աւելի մեծ էր: Անոնց ակռաները աւելի մեծ էին եւ ունէին աւելի խրթին ձեւ:
– Մինչեւ այսօր մարդիկ կը մտածէին, թէ ակռայի փտութիւնը սկսած է, երբ մէջտեղ եկած է երկրագործութիւնը մօտաւորապէս 11,000 տարիներ առաջ:
– Սակայն, ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն: անոնք մէջտեղ եկած են 4000 տարիներ առաջ:
– Այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ խոզկաղին, խոզակ եւ զօրաւոր պատեանով պտուղներ կ՛ուտէին: Այս չորս պտուղները շաքարով հարուստ են: Ասիկա կը յառաջացնէր փտութիւն, վէրք եւ բերանի գարշահոտութիւն:
– Գիտնականները այս բոլորը գիտեն, որովհետեւ անոնք գտած են 15,000 տարուան ոսկորներու մնացորդներ` Մարոքի քարայրներէն մէկուն մէջ: Հոն գտնուած բոլոր ակռաները փտած էին:
– Ասիկա փաստ մըն է, որ վայրի բոյսերն ալ երկրագործութեան արտադրած բոյսերով ուտելիքներուն նման գէշ են ակռաներուն համար:
***
Աղտոտ, Ծուռ Կամ Կտրուած Ակռաներ
Ակռային վրայ կը կազմուի ուտելիքի մնացորդներու եւ մանրէներու խաւ մը: Այս մնացորդներով սնանելով` մանրէները կ՛արտադրեն թթու մը, որ կը կրծէ ակռային էմայը եւ փղոսկրը: Ասիկա փտութիւն կը յառաջացնէ: Այս հիւանդութիւնն է, որ ակռան կը փճացնէ:
– Այս վնասակար խաւին դէմ ստոյգ զէնքերն են` առտու եւ իրիկուն 2 վայրկեան ակռաներու խոզանակումը, ֆլիւորով ակռայի դեղ, ակռայ մաքրելու դերձան եւ բերան ցօղուելու դեղ:
– Երբեմն մեր վերջնական ակռաները ծուռ կը բուսնին: Հետեւաբար պէտք է զանոնք իրենց տեղը դնել: Ասոր համար մօտաւորապէս 10-12 տարեկանին կարգ մը երեխաներ ակռայի «մեքենայ» կը դնեն:
– Երբեմն ակռաները բուսնելու բաւարար տեղ չեն ունենար ոսկորի հարցի մը պատճառով: Վերի ծնօտը իբրեւ կափարիչ կը բանի: Եթէ ան չմեծնայ, վարի ակռաները այդ «կափարիչին» տակ բանտարկուած կը մնան:
– Իսկ երբ պատահի, որ մեր ակռան կոտրուի, կարելի է զայն փակցնել: Սակայն պէտք է զայն անմիջապէս կ՛ամ կաթի մէջ, կա՛մ նոյն անձին լորձունքին մէջ պահել եւ ատամնաբուժին երթալ:
– Բազմաթիւ լուծումներ գոյութիւն ունին: Ակռան կարելի է դարձեալ «ցանել», վերանորոգել յատուկ նիւթով մը, կամ` ինկած կտորը փակցնել:
Տարիներու Ընթացքին
6-12 տարեկանին միջեւ կաթի ակռաները կը թափին եւ անոնց փոխարէն` կը բուսնին վերջնական ակռաները: Չափահաս տարիքին մենք կ՛ունենանք 32 ակռայ` 16 հատ վերը, 16 հատ վարը:
1.- Մօտաւորարէս 6 տարեկանին` 4 աղօրիները: Անոնք ուտելիքները կը տրորեն:
2.- Մօտաւորապէս 7 տարեկանին` կեդրոնական 4 կտրող ակռաները` հերձատամները:
3.- Մօտաւորապէս 8 տարեկանին` կողմի 4 հերձատամները:
4.- Մօտաւորապէս 9-10 տարեկանին` 8 նախաղօրիները, որոնք կը փոխարինեն կաթի աղօրիները:
5.- Մօտաւորապէս 11 տարեկանին` 4 շնատամները: Անոնք ուտելիքները կը փրցնեն:
6.- Մօտաւորապէս 12 տարեկանին` 4 երկրորդ աղօրիները:
7.- 18-25 տարեկանին միջեւ` իմաստութեան 4 ակռաները:
Անասուններու Սուփըր–Ակռաները
Անասունները արտակարգ ակռաներ ունին: Ասիկա բնական է. առանց ակռայի` անոնք չեն կրնար ուտել: Առանց ուտելու` կարելի չէ ապրիլ: Ակռաները անոնց համար էական են:
ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍը ունի մօտաւորապէս 72 սուր ակռաներ: Անոնք չեն ծառայեր ծամելու, այլ` որսերը բռնելու: Ամէն երկու տարին անգամ մը անոնք կը նորոգուին: Վարի կողմէն երկու աւելի բարձր ակռաներ բերնէն դուրս կը ցցուին, նոյնիսկ երբ անոր բերանը գոց է:
ՇԱՆԱՁՈՒԿն ալ լաւ զինուած է: Ան ունի մօտաւորապէս հարիւր ակռայ, որոնք կը նորոգուին անոր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ակռայի շարքերը կը յառաջանան, երբ կը սկսին մաշիլ գլորուող գորգի մը նման:
– Միւս բոլոր կրծողներուն նման, նապաստակն ալ ունի մեծ ակռաներ, որոնք անդադար կը բուսնին. ամէն շաբաթ` 2 մմ: Կրծելով` անոր ակռաները կը մաշին:
– Նոյնն է պարագան ձիուն: Անոր ակռաները անդադար կը բուսնին: Եթէ անոնք գէշ կերպով մաշին կամ շատ բուսնին, անոր համար դժուար կ՛ըլլայ ծնօտը գոցել: Հետեւաբար ան լաւ չի կրնար ծամել եւ կրնայ մարսողութեան ծանր հարցեր ունենալ:
– Ամէնէն մեծ ակռաները փիղին ակռաներն են. անոր փղոսկրները կրնան մինչեւ 3 մեթր երկայնք ունենալ: Անոնք կտրող ակռաներ են: Ան ունի նաեւ չորս աղօրի ակռաներ` բոյսերը տրորելու համար: Անոնք միայն մէկ անգամ կը փոխարինուին, երբ կը մաշին:
ԾՈՎԱՓԻՂն ալ ունի երկար ակռաներ: Շնատամները անոր կը ծառայեն կառչելու եւ սառոյցին վրայ տեղափոխուելու:
– Ամէն մարդ գիտէ, թէ հաւերը ակռայ չունին: Սակայն ճուտիկը ունի մանր ակռայ մը` կտուցին ծայրը, իր ծնունդին: Ան շատ կարծր, փոքրիկ ուռեցք մըն է, որ անոր կարելիութիւնը կու տայ հաւկիթը կոտրտելու: Ապա անիկա կ՛անհետանայ:
Ատամնային Մրցանիշ
Ամերիկացի Վալ Քովփաքով կտրած է աշխարհի ամէնէն շատ ակռայի դեղի տուփիկներու հաւաքածոյի մրցանիշը: Ան ունի աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքած տուփիկներ` Ճափոնէն, Քորտայէն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն եւ Ռուսիայէն:
Իսկ գիտէի՞ք, թէ ան ի՛նչ կ՛աշխատի: Այո՛, անշուշտ, որ ան ատամնաբուժ է: Իր յաճախորդները կրնան տեսնել այս իր հաւաքածոն Ամերիկայի Ճորճիա նահանգին մէջ գտնուող անոր ատամնաբուժարանին մէջ:
Ժամանց

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ Պապային` գտնելու համար իր կորսուած եղջերուին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` իւրաքանչիւր հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, ինչպէս նաեւ 3×3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1-9 թիւերը:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները: