Աղօթք Եւ Խոստովանութիւն. (Լուսիկ Տօներեան-Սարգիսի Յիշատակին)

1213LousigDonerian-SarkisՏէ՛ր իմ, բառեր չեմ գտներ սրտիս խորերը պահուած զգացումներս եւ տանջուած մտքիս ու հոգիիս արտասովոր ցաւը թուղթին յանձնելու, այդ մասին արտայայտուելու: Արդէն քառասուն օրեր անցան քրոջս` Լուսիկ Տօներեան-Սարգիսի այս անգութ աշխարհէն հեռանալէն: Արդեօք ի՛նք ուզեց հեռանալ, թէ շատ բարի, ազնիւ, գեղեցիկ, սիրասուն ըլլալուն պատճառով ուզեցիր զինք քովդ առնել: Կը հաւատամ, որ Լուսիկի նման բարի սիրտ ունեցող հաւատացեալները կանուխ կը հեռանան այս անցաւոր աշխարհէն ու կը միանան մեր Արարիչին, Ստեղծիչին, սակայն մենք` շնչաւորներս, ինչպէ՞ս կարենանք հաշտուիլ այս դաժան ու առյաւէտ բաժանման հետ:

Անհաւատալի է եղածը, կարելի չէ ընդունիլ անոր անվերջ բացակայութիւնը: Որքա՜ն կը փափաքիմ, որ ամբողջ պատահածը երազ մը ըլլայ, ու սթափիմ եւ զինք գտնեմ կողքիս, լսեմ ձայնը, զրուցենք երկա՜ր, խրատներ ու խորհուրդներ տայ ինծի, քննարկենք տարբեր նիւթեր` ընտանեկան ու այլ…

Լուսիկը եղաւ այնպիսի անձ մը, որ գուրգուրաց բոլորին, մտահոգուեցաւ բոլորով, լացաւ բոլորին հետ ու ուրախացաւ բոլորին յաջողութիւններով, ուրախութիւններով եւ նուաճումներով: Անհուն սէր ունէր իր ընտանիքին ու հարազատներուն նկատմամբ, կ՛ուզէր հասնիլ բոլորին, օգնել անոնց, նեցուկ եւ ապաւէն ըլլալ իրեն կարիք ունեցողներուն:

Իր այս նուիրումն ու ծառայելու պատրաստակամութիւնը չէր սահմանափակուած ընտանիքով ու գերդաստանով, այլ հասած էր մինչեւ միութենական-ազգային կեանք: Եղած էր երկարամեայ անդամ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ մաս կազմած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին: Իր ընկերուհիներուն իսկ վկայութեամբ, ան միշտ պատրաստակամ եղած էր որեւէ գործի` ըլլայ մեծ ու պզտիկ, կարեւոր կամ աննշան, իրեն համար ծառայելն ու օժանդակելն էր հիմնականը: Իրեն դիմող ԼՕԽ-ականները միշտ վստահ կ՛ըլլային, որ պիտի չմերժուին, որ Լուսիկը անպայման պիտի ընդառաջէ իրենց խնդրանքներուն, առաջարկներուն: Իր ստանձնած աշխատանքները կատարած է լիուլի ու ամենայն բծախնդրութեամբ, հետեւողականութիւնն ու հետապնդումը եղած են իր միութենական կեանքի սկզբունքներէն: Լիբանանի օգնութեան խաչին եւ անոր առաքելութեան հաւատացած էր հոգիով ու սրտով, այդ պատճառով ալ ինչ աշխատանք, որ ընէր, կ՛ընէր ամբողջ էութեամբ, նուիրումով եւ հոգածութեամբ:

Մաս կազմած է նաեւ ՀՄԸՄ-ին` ըլլալով ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի անդամ` այսպիսով նաեւ իր ներդրում ունենալով նոր սերունդներու կազմաւորման աշխատանքին մէջ:

Լուսիկը ինծի համար եղած է մօր նման, որ մեծապէս ուրախացած է իմ ծնունդովս, մօր նման հսկած է ինծի, երբ նորածին էի, հետս եղած է ամբողջ կեանքիս ընթացքին… Իսկ հիմա՞, ինչպէս կարենամ դիմագրաւել իր բաժանումին ցաւն ու ահաւոր դատարկութիւնը: Ծնողքիս տրուած մեծ հարուած էր անոր մահը, անոնց համար ողբերգութիւնը շատ մեծ է:

Լուսիկ Տօներեան-Սարգիս կեանքին կապուած ու կեանքը սիրող անձ մըն էր, որ զոհուած էր շուրջիններուն եւ ընտանիքին համար: Երբեք դժգոհ չէինք տեսներ զինք: Մէկ տարուան եւ 10 ամսուան անոր տանջալի հիւանդութեան շրջանին իսկ Լուսիկ միշտ կը փորձէր ծածկել իր ցաւը եւ ուրախ երեւիլ: Բայց իր խոշոր աչուկներուն խորերէն ցաւը յստակ դուրս կը թափանցէր: Ու գնաց այդ մեղրագոյն աչուկներով, գեղադէմ, ժպտուն, աշխուժ եւ առոյգ շարժումներով բարի անձնաւորութիւնը, գնաց դէպի յաւիտենական կեանք:

Անոր մահով կեանքէս գոյն մը պակսեցաւ, բայց գիտեմ, որ ան երկինքէն մեզ կը դիտէ, կը հետեւի մեզի:

Կարօտիս ու ցաւիս դիմաց միակ սփոփանքս Աստուծոյ մխիթարութիւնն է եւ այն համոզումը, որ երկնքի հրեշտակները աւելի արժանի են քեզի, քան մենք:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, քոյրի՛կս:

ՆԱՆՈՐ

Share this Article
CATEGORIES