Յովհաննէս Աբգարեանի Յիշատակին
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Յովհաննէս Աբգարեանին հետ բարեկամութիւնս սկսաւ Քեսապէն, ուր եկած էր Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ, պտոյտի մը առիթով: Լաւագոյն զգացումներով ու յիշատակներով տպաւորուած Քեսապէն եւ անոր պարզ ու համեստ գիւղացիներէն, ամէն հանդիպումի Քեսապի գովքը կը հիւսէր եւ անոր պատմական, հոգեւոր, մշակութային եւ ազգագրական անփոխարինելի արժէքը վեր կ՛առնէր:
Ծնած` Հալէպ, 1938-ին, մարաշցի համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ, Յովհաննէս Աբգարեան մանկութիւնը անցուց ծննդավայրին մէջ, ուր հայեցի տոհմիկ դաստիարակութիւն ստացաւ: Յետոյ ընտանիքին հետ Դամասկոս փոխադրուեցաւ եւ հոնկէ ալ Լիբանան տեղափոխուելով` Պուրճ Համուտի մէջ բնակութիւն հաստատեց:
Անբասիր հայրենասէր, քաջ, անվախ եւ յանդուգն, ինքնամոռաց նուիրումով ծառայեց իր պաշտած ազգին եւ իր կարելին ըրաւ օգտակար ըլլալու համար բոլորին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերուն եղաւ պատասխանատու, մասնակցեցաւ տարբեր առաքելութիւններուն ու կռիւներուն` յանուն հայաբնակ թաղերու պաշտպանութեան: Բազմիցս վիրաւորուեցաւ, ապաքինեցաւ եւ վերանորոգ թափով շարունակեց իր առաքելութիւնը:
Յովհաննէս Աբգարեան բարձր ուսում չունէր, բայց ինքնազարգացման շնորհիւ շատ լայն գիտելիքներ ամբարած էր, իսկ կեանքի փորձառութիւնը զինք դարձուցած էր պայծառատես եւ գործնապաշտ:
Մեծ մարզասէր էր եւ մարզական կեանքի հանդէպ յատուկ հետաքրքրութիւն ունէր: Մարզական խումբեր պատրաստած եւ այդ ճամբով սերունդներ դաստիարակած էր. նաեւ` պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ ծառայութեան յատուկ շքանշանով պարգեւատրուած էր:
Հայ եկեղեցին կը նկատէր ազգային ինքնութեան պահպանման միջնաբերդը: Մեծ նուիրումով ծառայած էր եկեղեցիին եւ լայն գիտելիքներ ունէր մեր եկեղեցւոյ ծէսերուն, խորհուրդներուն եւ շարականներուն մասին:
Վերջին շրջանին յաճախ կ՛այցելէի իրեն եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներու իրադարձութիւններուն ու իր փորձառութիւններուն մասին իր յուշերը կ՛արձանագրէի: Պատասխանատու պաշտօններ վարած, քաղաքական ղեկավար դէմքերու հետ գործակցած եւ բանակցած անձ, ան շատ բան տեսած եւ շատ մարդիկ ճանչցած էր, եւ հետաքրքրական պատումներով կը վերապրէր անցեալը: Կը փափաքէր կորուստէ փրկել պատմական իրողութիւններ: Ափսոս որ յանկարծական մահը ընդհատեց իր կեանքը եւ յուշերուն թելը: Յարգանք իր յիշատակին:

