Յովհաննէս Աբգարեանի Քառասունքին Առիթով
Դաշնակցական ընկեր մը եւս ինկաւ իր չսիրած ձեւով` երկար ժամանակաշրջան անկողինի ծառայելով, որովհետեւ ինք կը նախընտրէր պատնէշի վրայ իյնալով մահանալ:
Կը խօսինք ընկերոջ մը մասին, որ մաս կը կազմէ այն սերունդին, որոնք փոխադրուած էին «Սարդարապատ» շրջան` Հալէպ քաղաքէն, ուր ապրած էին մեր ազգին ճակատագրական այնպիսի օրերուն, որոնց մասին դժուար թէ այսօր կարելի ըլլայ բացատրել երկու տողով:
Այդ բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, իրենց երդումին ընդմէջէն կրցած էին նաեւ ծառայել ՀՅԴ-ին:
Յովհաննէս Աբգարեան պատանի հասակէն անդամակցած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, իսկ 18 տարիքը բոլորելէ ետք անցած էր Դաշնակցութեան շարքերը` մնալով մինչեւ իր մահուան վերջին օրը:
Հալէպը եղած էր այսօրուան մեր հասկացողութեամբ Պուրճ Համուտը, այնտեղ էր հայութեան բաբախուն սիրտը, ուր կարիքը կը զգացուէր մնայուն բարոյական օժանդակութեան, եւ Յովհաննէս Աբգարեան իր գործակիցներով եղած էր անոնց հասնող մէկ անդամը:
Նոյն գործը շարունակեց` երբ փոխադրուեցաւ սկիզբը «Սիս», ապա Սարդարապատ ակումբ: Վրայ հասան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան օրերը, եւ Պուրճ Համուտը դարձեալ կարիքը զգար անձնազոհ ընկերներու: Ընկեր Յովհաննէս եւ իր սերնդակիցները եղան առաջինները, որոնք լծուեցան ինքնապաշտպանութեան եւ Սարդարապատ շրջանի բնակիչներու կարիքներուն հասնելու գործին:
Ստանձնեց Կիլիկիա թաղամասի պահակակեդրոնը` իր շուրջը համախմբելով համակիր երիտասարդներ, պահակութեան հրաւիրեց զանոնք, որոնք օրն ի բուն իրեն հետ հասան ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն: Աշխատեցաւ Բարգաւաճման յանձնախումբի որպէս անդամ եւ նաեւ «Սարդարապատ» կոմիտէի «Դատական յանձնախումբ»-ի անդամ, թաղեցիներու առօրեայ կարիքները հոգալու եւ հարցերը լուծելու:
Շատ բան կարելի է ըսել այսպիսի ընկերներու մասին:
Ուրախացաւ Հայաստանի անկախութեամբ, որովհետեւ իբրեւ նախկին սերունդի պատկանող ընկեր, ապրած էր համայնավար կարգերու բոլոր խնդիրները: Հետեւաբար, ան աւելի կը գիտակցէր անկախութեան գաղափարին եւ Եռագոյն դրօշի ծածանման:
Հայաստանը եւ Արցախը իր առօրեան էին, կը հետաքրքրուէր «Վանայ ձայն»-ի եւ «Ազդակ»-ի ամէն մէկ անցուդարձերով: Իր առօրեան կը լեցնէր այդ լուրերով, նոյնիսկ անկողինին ծառայած ժամանակ:
Յովհաննէս Աբգարեան կապուած էր նաեւ մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին: Աստուածավախ եւ եկեղեցասէր անձնաւորութիւն մըն էր: Որպէս ապացոյց, նախքան հիւանդանալը` ծառայեց որպէս թաղական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ եւ համանուն վարժարանին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի երկրպագուներէն էր: Կը պաշտպանէր միութեան գաղափարախօսութիւնը, կը պաշտպանէր անոր կանոնագիրի գործադրութիւնը: Ստանձնած եւ ծառայած էր ՀՄԸՄ-ին` Հալէպէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, վարչական եւ յանձնախմբային աշխատանքներուն մէջ, անոր համար ալ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը զինք պարգեւատրած էր «ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան» շքանշանով` մասնաճիւղի 65-ամեակին առիթով:
Այս գրութեամբ կու գանք խոնարհելու մեր սիրելի ընկեր Յովհաննէսին յիշատակին առջեւ` յուսալով, որ կը միանայ փաղանգին, այն ընկերներու եւ եղբայրներու, որոնց հետ երկար տարիներ գործակցած էր ի նպաստ Պուրճ Համուտի եւ «Սարդարապատ»-ի բարօրութեան:
Յանուն «Սարդարապատ» կոմիտէի եւ ընկերական կազմին,
Յանուն «Կիլիկիա» թաղամասի ժողովուրդին,
«Յանուն ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի վարչութեան եւ եղբայրներուն,
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր այրիին եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկե՛ր Յովհաննէս:
ՍԳԱԿԻՐ ԸՆԿԵՐ-ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ

