Անհետացող Սերունդը. Սուրէն Խանամիրեանի Յիշատակին
ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Շուրջ 40 օրեր առաջ հողին յանձնուեցաւ նախկին պետական երեսփոխան եւ նախարար Սուրէն Խանամիրեանի յոգնատանջ մարմինը:
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ 9 նոյեմբեր 2014-ին անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին` պետական երեսփոխաններ, նախարարներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, հոգեւորականներ, ազգային երեւելի անձնաւորութիւններ, հայ ու արաբ սգաւոր հոծ բազմութիւն մը: Պետութեան վարչապետը անձամբ երեկոյեան եկաւ ցաւակցութիւն յայտնելու հանգուցեալին այրիին: Ցաւակցական հեռագիրներ հասան` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարէն, սփիւռքի նախարարութենէն, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսէն եւ այլ անձնաւորութիւններէ: Ո՞վ էր այս մարդը, որուն համար եկած էին վերջին անգամ ըլլալով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու նախագահէն մինչեւ ամենապարզ քաղաքացին:
Պիթլիսցի Լեւոն Խանամիրեանի զաւակ` Սուրէն Խանամիրեան ծնած էր 1924-ին, Պէյրութ: Նախակրթութիւնը ստացած էր Ս. Նշան նախակրթարանին մէջ, որուն խեղճուկ վիճակը շատ վատ ազդած էր պատանիի հոգւոյն վրայ, եւ որոշած էր, որ երբ մեծնայ ու մեծ մարդ դառնայ, խեղճուկ դպրոցին տեղ քարաշէն գեղեցիկ դպրոց մը կառուցէ:
Աւելի ուշ Սուրէնը Ֆրերներու դպրոցին մէջ պիտի մտերմանար շարք մը տղոց հետ, որոնք հետագային պետական կառոյցներու մէջ զանազան կարեւոր պաշտօններու տէր պիտի դառնային ու յաճախ պիտի գործակցէին իրարու հետ` յօգուտ Լիբանան հայրենիքին: Ֆրերներու վարժարանը աւարտելէ ետք ան կը յաճախէ Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` հետեւելով իրաւաբանութեան ճիւղին: Ուսումը կ՛աւարտէ 1946-ին` ստանալով փաստաբանութեան վկայականը: Ան կը տիրապետէր 4 լեզուներու` հայերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի:
Սուրէն Խանամիրեան ծնած չէր փաստաբան դառնալու:Հօրը ընտանիքը կը բաղկանար չորս եղբայրներէ: Սուրէնին հայրը` Լեւոնը եւ հօրեղբայրը` Գեղամը կը զբաղէին այր մարդոց զգեստեղէնի արտադրութեամբ: Միւս երկու հօրեղբայրները` Երուանդը եւ Աշոտը ունէին իրենց անջատ ասպարէզները: Լեւոնը եւ Գեղամը քաղաքին կեդրոնը շէնքի մը յարկաբաժինին մէջ քանի մը կարի մեքենաներով կը սկսին հագուստի արտադրութեան: Կարճ ժամանակուան մէջ պզտիկ աշխատանոցը կը մեծնայ, եւ անոնք կ՛ունենան տասէ աւելի գործաւորներ, այս խումբին կը միանան Լեւոնին զաւակը` Սուրէնը եւ Գեղամին զաւակները` Նուպարը եւ Վարուժանը: 1958- թուին Պէյրութի նաւահանգիստի ազատ գօտիէն 1000 քառ. մեթր տարածութեամբ ընդարձակ հող մը կը վարձեն ու հոն կը կառուցեն մեծ աշխատանոց մը, ուր կը գործեն շուրջ 250 աշխատաւորներ: Արտադրուած ապրանքը United Garment Manufactering անունով կը ղրկուէր արաբական երկիրներ` Սուէտական Արաբիա, Արաբական ծոցի երկիրներ եւ Յորդանան: Իսկ Լիբանանի մէջ զանազան վայրերու մէջ կ՛ունենան վաճառատուներ: Սուրէն ութ ամիսով կը ղրկուի Մանչեսթր` հմտանալու զանազան կերպասներու տեսակին ու որակին մէջ:
1973-ին Տորայի շրջանին մէջ 7000 քառ. մեթր հողի վրայ կը կառուցեն 4 յարկանի արդիական շէնք մը ու հետագային նաւահանգիստէն հոն կը փոխադրեն իրենց աշխատանքի կազմածները: Այս անգամ իրենց աշխատաւորներուն թիւը կը հասնի շուրջ 500-ի:
Այս շրջանին Սուրէնը իր գրասենեակը կը հաստատէ Պէյրութի «Սփիրզ» փողոց «Ունիըն»-ի շէնքը, ան նոյն ատեն կը սկսի ներածել ծխախոտ` ստանալով աշխարահռչակ British American Tobaco –ի ներկայացչութիւնը, շուկայ իջեցնելով Lucky Strike, Pol Mol, De Molier – ծխախոտներ: Ան նաեւ Լիբանանի բանակին կը հայթայթէ զանազան զէնքերու կազմածներ:
1978 սեպտեմբերին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, Պէյրութ քաղաքին զանազան կողմերը ինկած ռումբերէն հատ մըն ալ կ՛իյնայ Տորայի գործատեղիին մօտ գտնուող կազի շտեմարանին վրայ, ու բռնկող հրդեհէն մաս մը կը տարածուի իրենց գործատեղիին վրայ ամբողջութեամբ փճացնելով զայն:
Սուրէնը այդ օրէն կը դադրի զբաղելէ զգեստի արտադրութեան գործով:
Սուրէն Խանամիրեան կ՛ունենայ երկու տեսակ կեանք, առաջին, ինչպէս վերեւ յիշուեցաւ, իր անձնական տնտեսական գործունէութիւնը, իսկ երկրորդը` հանրային հարցերու վերաբերեալ աշխատանքներ, որոնք իրենց բազմազանութեամբ ու կարեւորութեամբ քիչերու շնորհուած էր իրագործելու:
Սուրէն Խանամիրեան զօրավար Ֆուատ Շեհապի նախագահութեան օրով, 1960-ին առաջին անգամ ըլլալով պետական երեսփոխան կ’ընտրուի ու յաջորդաբար խորհրդարանի անդամ կ՛ընտրուի 1964-ին, 1968-ին, 1972-ին, որմէ ետք մինչեւ 1992 խորհրդարանի համար նոր ընտրութիւն տեղի չ՛ունենար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:
1992-ին վերջին անգամ նորէն երեսփոխան կ՛ընտրուի: 1996-ին վերջ կը գտնէ իր խորհրդարանական ասպարէզը: Ան կ՛ըսէր. «Երեսփոխանները ընտրուած չեն ճաշկերոյթ- պարահանդէսներու նախագահելու, այլ` ժողովուրդին ծառայելու»: Բոլոր այս ընտրութիւններուն ան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ցանկին վրայ կը գտնուէր: 1972-1974 զբօսաշրջութեան նախարար էր, իսկ 1989-1990` քարիւղի եւ ճարտարարուեստի: Ամբողջ այս ժամանակ ան կապի մէջ կ՛ըլլայ շրջանի պետական կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ, Իրանի շահ Ռզա Փահլեւի հետ, Քուէյթի էմիր շէյխ Սապահին, Եթովպիոյ թագաւոր Հայլէ Սելասիի: Մօտիկ յարաբերութեան մէջ էր Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ` Քամիլ Շամուուն, Իլիաս Սարգիս, Միշէլ Սեսին, նախագահ Սլէյմեն Ֆրանժիէ, Քամալ ժոմպլաթ, Հուսէյն Հուսէյնի, Սաէպ Սալամ, Մուսա Սատըր եւ ուրիշներ: 1980-ական թուականներուն Լոզանի ժողովի ընթացքին, ուր կը քննուէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հարցը, հոն Սուրէն Խանամիրեան իր դերը կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ հայութեան եօթներորդ համայնքը հռչակուելու որոշումին մէջ:
1994-ին փոխադրութեան նախարար Օմար Մսքաուիի եւ Սուրէն Խանամիրեանի գործակցութեամբ կը հաստատուի Երեւան-Պէյրութ օդանաւայինի երթուղին:
Անդրադառնալով Սուրէն Խանամիրեանի ազգային գործնէութեանց, ան փոքր տարիքէն կ՛անդամագրուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, իսկ 1947-1950 շրջանին չորս տարի կ՛ըլլայ ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի մասնաժողովի անդամ եւ կը վարէ գանձապահի պաշտօնը: Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու ժամանակաշրջանին ան անդամ եւ փոխատենապետ կ՛ըլլայ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան: Քաղաքական ժողովին մաս կը կազմէ 1957-1959 տարիներուն:1970-ական թուականներուն սկիզբը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան երկու յաջորդական կազմերուն անդամ կ՛ըլլայ:
Ան իր պատանեկան օրերու երազը կ՛իրականացնէ, երբ 1962-ին իշխանական նուիրատուութեամբ մը (325,000 լ. ո.) հիմը կը դրուի Ս. Նշան նախակրթարանին տեղ քարաշէն դպրոցի մը, որ իր անունով կը կոչուի Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական վարժարան: Շատ չանցած` աշակերտութեան թիւը կը հասնի շուրջ 1000-ի: Լիբանանի ներքին պատերազմին պատճառով քոլեճը կը փոխադրուի Ֆանար, ուր մինչեւ հիմա իր գոյութիւնը կը պահէ, բայց` աշակերտներու նուազ թիւով.
Ան հիմնադիրներէն էր կարգ մը ակումբներու` Հայ ակումբ, Ձիարշաւի առաջին ակումբ, LAFA-Ի (Lebanese Armenian Friendship Association-Լիբանանի ու Հայաստանի բարեկամութեան միութիւն): Պատուոյ անդամ էր Golf Club-ի:
Ան ստացած է շքանշաններ` Մեծն Տանն Կիկիլիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսէն` «Ազգային բարերար»-ի եւ «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշաններ, «Մայրիներու ասպետ»-ի` նախագահ Ֆուատ Շեհապի կողմէ եւ` «Արժանեաց կարգ»-ի շքանշանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հայրենիքին մատուցած ծառայութեան համար յետ մահու անոր կը տրուի առաջին աստիճանի շքանշան:
Սուրէն Խանամիրեան 1961-ին կ՛ամուսնանայ երեսփոխան Քամիլ Աքըլի դուստր Մակտա Աքըլի հետ. Բայց իրենց ամուսնական կեանքը երկար չի տեւեր:
Հետագային` 1980-ին ան կ՛ամուսնանայ Միրէյ Սիսլեանին հետ, որմէ կ՛ունենայ երեք զաւակներ` Լեւոն, Փաթիլ եւ Սարին, երեքն ալ համալսարան կ՛աւարտեն ու կը մտնեն կեանքի ասպարէզ:
Սուրէն Խանամիրեան մէկ օրինակն է այն հայուն, որ վայելելով բոլոր բարիքները Լիբանան հայրենիքին` չմոռցաւ վարձահատոյց ըլլալ, ընելով կարելին անոր շէնութեան ու յառաջդիմութեան համար:
Ան հաւատարիմ իր մականունին իմաստին` կ՛ապրէր համեստ ու շրջապատի կարիքներուն հաղորդակից եւ այս աշխարհէն մեկնեցաւ բարի իշխանի մը փառքով:
Թող լուսոյ մէջ մնայ իր հոգին:

