50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ
ՔԵՆԵՏԻԻ ՃԱՌԷՆ

«ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԵՐԼԻՆԷՆ ՊԻՏԻ ՉՍԿՍԻ, ԱՅԼ` ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ»
«ԹՈՅԼ ՊԻՏԻ ՉՏԱՆՔ, ՈՐ ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐՆԵՐԸ
ՄԵԶ ՎՏԱՐԵՆ ՊԵՐԼԻՆԷՆ»

Նախագահ Քենետի երեքշաբթի իրիկուն արտասանեց կարեւոր ճառ մը, որուն գլխաւոր 12 կէտերը տուած էինք երրորդ էջի վրայ: Ստորեւ կու տանք յատկանշական հատուածներ.

«Չենք կրնար թոյլ տալ համայնավարներուն եւ թոյլ պիտի չտանք, որ մեզ արտաքսեն Պերլինէն` ըլլայ աստիճանաբար, ըլլա՛յ բռնի ուժով: Արեւմտեան Գերմանիոյ բարոյական կորովին եւ ապահովութեան, Արեւմտեան Եւրոպայի միութեան համար անհրաժեշտ է, որ այդ քաղաքին հանդէպ մեր յանձնառութիւնները յարգենք: Անհրաժեշտ է նաեւ այն հաւատքին համար, որ համայն աշխարհ ունի մեզի հանդէպ:

«Այսօր խաղաղութիւն կը տիրէ Պերլինի մէջ: Խռովութեանց եւ աշխարհի այսօրուան լարուածութեան աղբիւրը Մոսկուայի մէջ կը գտնուի եւ ոչ թէ Պերլինի: Եթէ պատերազմը ծագի, սկսած պիտի ըլլայ Մոսկուայէն եւ ոչ թէ Պերլինէն:

Ժխտելէ ետք ոմանց այն առարկութիւնը, թէ «Արեւմտեան Պերլին անպաշտպանելի է», դիտել տալով, թէ «Պոսթըն»ը եւս անպաշտպանելի էր», եւ իրականութեան մէջ «Սթալինկրատն ալ անպաշտպանելի էր» եւ յայտարարելով, թէ` «վտանգաւոր ամէն վայր պաշտպանելի է, եթէ քաջ մարդիկ այդպէս որոշեն», նախագահ Քենետի ըսաւ, թէ ընտրութիւնը միայն դիմադրութեան եւ նահանջի միջեւ չէ»:

«Եթէ խորհրդայինները խնդրանքներ ունին, եւ ոչ թէ` պահանջներ, զիրենք կը լսենք: Եթէ կը փնտռեն անկեղծ համաձայնութիւն մը, եւ ոչ թէ զիջումներ` ի վնաս մեր շահերուն, հանդիպում կ՛ունենանք իրենց հետ:

«Միջոցները, որոնց մասին այս իրիկուն խօսեցայ, սահմանուած են պատերազմէն խուսափելու: Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք, բայց չենք յանձնուիր: Այս է խորունկ իմաստը ներկայ տագնապին: Այս է խորունկ իմաստը մեր կառավարութեան քաղաքականութեան: Ձեր եւ բոլոր ազատ ժողովուրդներու օժանդակութեամբ, այս տագնապը կրնայ հարթուիլ: Ազատութիւնը կրնայ յաղթանակել եւ երկար ու տեւական խաղաղութւն մը կրնայ հաստատուիլ»:

 

ՀՅԴ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՄԵԾԱՊԱՏԻՒ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐԸ

ՀՅԴ «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնը կազմակերպած էր թատերական երեկոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան կիսաւարտ թատերասրահին մէջ, համակիրներու բազմութեան մը ներկայութեան, հինգշաբթի, 23 յուլիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին: Ներկայացուեցաւ պատանի դերակատարներու կողմէ անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը:

Խանդավառ է այն երեւոյթը, որ հազիւ թէ Ժողովրդային տան սրահը օգտագործելի վիճակի մը հասած` շրջանի նոր սերունդը մշակոյթի հանդէպ իր ունեցած սէրը դրսեւորելու միջոցը գտաւ անոր կամարներուն տակ: Լիայոյս ենք, թէ ասկէ ետք շրջանի միութիւնները հասութաբեր ձեռնարկ կազմակերպելու նպատակաւ սինեմա վարձելով շարժանկարի ցուցադրութիւն ընելու դիւրին բայց ոչ գնահատելի միջոցին չեն դիմեր, երբ իրենց տրամադրութեան տակ կ՛ունենան սեփական թատերասրահ մը:

«Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը ներկայացնող դերակատարները, քանի մը բացառութեամբ ամէնքն ալ առաջին անգամ ըլլալով թատերական ներկայացման մը կը մասնակցէին: Սկսնակներու այս խումբը կրցաւ ցուցադրել այնքան մը խաղարկութիւն, որ իրենցմէ ակնկալելի էր:

Ստորեւ` դերակատարներն ու անոնց անձնաւորած դերերը.

Պաղտասար Պաղտասարեան` Աբիսողոմ աղա, Ժիրայր Խաչերեան` Մանուկ աղա, Շահէ Շահինեան` խմբագիր, Վարդան Մնակեան` բանաստեղծ, Շաքէ Էրմետեան` Շուշան, Զաւէն Քրտոյեան` լուսանկարիչ: Հրայր` քահանայ, Զոհրապ Գասպարեան, Զոհրապ Թորոսեան, Զոհրապ Մարգարեան` բեռնակիրներ:

Համարձակ ու ուշագրաւ խաղարկութիւն ունեցան Մանուկ աղային կինը, բանաստեղծը եւ տիկին Շուշանը մարմնաւորողները:

Տարազները յարմար էին, բայց առաց պեխի Աբիսողոմ աղան` անյարմար:

Այս սկզբնական փորձէն ետք «Զաւարեան»ի պատանիներէն ակնկալելի են աւելի յաջող ներկայացումներ:

Կ. Խ.

Share this Article
CATEGORIES