ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԲՋՆԻ ԵՒ ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ՏՈՀՄԸ
Հայաստանի պատմական հին բնակավայրերէն է Բջնի. պարսպապատ բերդաքաղաք, անիկա Պահլաւունիներու տոհմին միջնաբերդն էր եւ հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական չորս մեծ աթոռներէն մէկը:
ԲՋՆԻ
Բջնի կը գտնուի Այրարատեան նահանգի Նիգ գաւառին մէջ, Հրազդան գետի ափին, գեղեցիկ դիրքի վրայ եւ պատմական հին ու համբաւաւոր բնակավայր է:
Ղազար Փարպեցի Ե. դարուն Բջնին յիշած է իբրեւ գիւղ: Բջնեցի սրբակենցաղ Աթիկ քահանան քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան համար սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի հետ միաբանող նախարարներէն եւ զինուորներէն երդում առաւ սուրբ Աւետարանին վրայ:
Բջնի հետագայ պատմիչներու կողմէ կոչուած է քաղաք կամ բերդաքաղաք, իսկ Մատթէոս Ուռհայեցի զայն յիշած է իբրեւ մեծ ամրոց: Հաւանաբար սկիզբը Բջնի շինուած է իբրեւ բերդ, յետոյ բերդին շուրջ բնակավայր մը կազմաւորուած է, որ ընդարձակուելով եղած է քաղաք, եւ որ հետագային պարսպապատուելով դարձած է բերդաքաղաք:
Բջնիի արեւելեան կողմը, բլուրի գագաթին, սրբատաշ տուֆէ Է. դարու Սուրբ Սարգիս գմբէթաւոր խաչաձեւ եկեղեցին է: Գիւղին մօտակայ ձորին մէջ կը գտնուէր Մայրոց վանքը:
Բջնիի կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ, երբ Բագրատունիներու օրով անիկա Պահլաւունիներու տոհմին գլխաւոր կեդրոնը եւ միջնաբերդը դարձաւ:
ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻՆԵՐԸ
Պահլաւունիները Պարթեւ Արշակունիներու տոհմակից էին եւ երկու ճիւղերու բաժնուած էին. Կարէնեան եւ Սուրէնեան Պահլաւներ:
Պարթեւ Արշակունիներու տապալումէն ետք անոնք Իրանէն փախուստ տալով եւ ճամբան մեծ մասամբ կոտորուելով, ողջ մնացողները մտան Հայաստան: Կեդրոնական Ասիա փախուստ տուած Կարէնեան ճիւղէն Պերոզամատի զաւակը` Կամսար, Գ. դարու վերջաւորութեան մտաւ Հայաստան եւ Տրդատ Բ. թագաւորէն ստացաւ Երասխաձոր ու Շիրակ գաւառները` դառնալով Կամսարականներու նախարարութեան հիմնադիրը: Սուրէնեան Պահլաւները բնաջնջուեցան 259-ին, երբ անոնց նահապետ Անակ Սասանեաններու դրդումով սպաննեց հայոց Խոսրով Ա. թագաւորը: Փրկուեցաւ միայն անոր զաւակը` Սուրէն, որ մկրտուեցաւ Գրիգոր անունով եւ դարձաւ հայ եկեղեցւոյ պաշտօնական հաստատողը եւ առաջին կաթողիկոսը` Գրիգոր Լուսաւորիչ:
Իբրեւ կաթողիկոս ժառանգական իրաւունքով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի յաջորդեցին անոր սերունդէն` Արիստակէս, Վրթանէս, Յուսիկ, Ներսէս եւ Սահակ Պարթեւ հայրապետները: Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռներէն Գրիգորիս դարձաւ Աղուանից եկեղեցւոյ հիմնադիրը:
Սահակ Պարթեւ հայրապետի վախճանումէն ետք արական գիծով Լուսաւորիչի ճիւղը սպառեցաւ:
Կամսարականները, որոնք Պահլաւունիներու տոհմակիցներն էին, սկիզբէն խնամիական կապեր հաստատեցին Մամիկոնեաններուն հետ: Անոնք աւագ նախարարներու շարքին կը դասուէին եւ Արշակունիներուն ու Մամիկոնեաններուն սերտ գործակիցներն էին:
Սահակ Պարթեւի միակ դուստրը` Սահականոյշ ամուսնացած էր Համազասպ Մամիկոնեան իշխանին հետ. անոնց զաւակն էր Քաջ Վարդան Մամիկոնեան, որուն դստեր հետ ամուսնացաւ Արշաւիր Կամսարական: Լուսաւորիչի շառաւիղը այսպէսով շարունակուեցաւ Կամսարականներուն քով, որովհետեւ անոնք ալ Պահլաւ ցեղէն էին:
Կամսարականներու տիրոյթ Շիրակի եւ Արշարունիքի վերջին տէրը եղաւ Ներսեհ Կամսարական, Ը. դարու վերջաւորութեան, որմէ ետք Կամսարականներու շառաւիղները ցրուեցան դէպի Բիւզանդիոն եւ Բագրատունիները տէր դարձան անոնց տիրոյթներուն:
ՆՈՐ ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻՆԵՐ
Կամսարականներու շառաւիղներէն Արտակ Կամսարեան իր ընտանիքով Թ. դարու վերջաւորութեան, Աշոտ Ա. թագաւորին թոյլտուութեամբ վերադարձաւ հայրենիք` կանխաւ հրաժարելով իր տոհմանունէն եւ նախնեաց իրաւունքներէն, եւ ստացաւ Պահլաւունի ազգանունը: Անոր սերունդը պատմութեան մէջ ծանօթ դարձաւ Նոր Պահլաւունի անունով: Արտակի զաւակն էր Ապուղամր, որուն զաւակը` Գրիգոր Համզէ (941-982), Անիի մէջ կառուցեց Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր տոհմական եկեղեցին:
Գրիգոր Համզէի եւ Շուշանի զաւակներն են` Վահրամ, Վասակ Հոլում, Ապլղարիպ, Տիգրան, Գրիգոր Համզէ Մանուկ եւ դուստրը` Սեդա:
Անդրանիկ զաւակը` Վահրամ, Բագրատունեաց արքունիքին մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարեց եւ եղաւ իշխանաց իշխան, այնուհետեւ ալ երկար տարիներ վարեց հայոց սպարապետութիւնը: Արքունիքը անոր տիրոյթներ նուիրեց Շիրակի եւ Արագածոտնի մէջ: Վահրամ կառուցեց Մարմաշէնի եւ Ամբերդի եկեղեցիները: Յովհաննէս Սմբատ թագաւորի մահէն ետք օժանդակեց Գագիկ Բ.ի գահակալութեան եւ փորձեց արգելք հանդիսանալ երիտասարդ թագաւորի Կոստանդնուպոլիս այցելութեան, հասկնալով որ բիւզանդական արքունիքը դաւադրութիւն մը սարքած է հայոց թագաւորին դէմ:
Գագիկ Բ.ի Կոստանդնուպոլիս ուղեւորութենէն եւ դաւադրական կալանաւորումէն ետք Վահրամ Պահլաւունիի գլխաւորած հայոց բանակը Անիի պարիսպներուն առջեւ չորս անգամ պարտութեան մատնեց բիւզանդական բանակները: Վեստ Սարգիս եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս 1045-ին Անին բիւզանդացիներուն յանձնեցին, որմէ ետք Վահրամ Պահլաւունի մասնակցեցաւ Դուինի ամիրային դէմ արշաւանքին, որուն ընթացքին ալ զաւկին` Գրիգորի հետ զոհուեցաւ:
Վահրամ Պահլաւունի ամուսնացած էր Անձեւացեաց տոհմէն Տիգրան մարզպանի դստեր` Սոփիայի հետ. զաւակներն են` Ապուղամր եւ Գրիգոր:
ՎԱՍԱԿ ՀՈԼՈՒՄ` ՏԷՐ ԲՋՆԻԻ
Վասակ Հոլում, Գրիգոր Համզէի երկրորդ զաւակը, եղբօր` Վահրամի հետ համագործակցաբար Բագրատունեաց գահին նեցուկ հանդիսացաւ եւ իբրեւ վարձատրութիւն արքունիքէն ստացաւ Բջնին:
Վասակ Հոլում Բջնիի մէջ բնակութիւն հաստատելով վերաշինեց հին բերդը եւ զայն տոհմական կեդրոնի եւ միջնաբերդի վերածեց: Բջնի արագօրէն բարգաւաճեցաւ եւ գեղեցիկ բերդաքաղաք դարձաւ:
Հրազդան գետի ափին, սարահարթի մը քարաժայռի կատարին կանգնած բերդը հարաւէն, արեւելքէն եւ մասամբ ալ արեւմուտքէն բարձր ժայռերով պաշտպանուած է, իսկ հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն պարսպապատ էր:
Յովհաննէս Սմբատ թագաւորին օրով, 1021-ին, Ատրպատականէն Հայաստան ներխուժեցին Դելմիկ ցեղախումբերը եւ անոնց մօտ ծառայութեան մտած թուրք աւարառու խմբաւորումներ: Ներխուժողները մտան Արարատեան դաշտ, հասան մինչեւ Շիրակ եւ պաշարեցին Բջնին:
Բջնիի պաշարման ժամանակ Վասակ Հոլում խնճոյքի նստած էր շարք մը իշխաններու հետ: Վտանգաւոր կացութիւնը նկատի ունենալով, քաջ զօրավարը փութով զրահաւորուեցաւ եւ վազեց պատերազմի դաշտ: Ետեւէն հասան իր քաջերը եւ ամբողջ հեծելազօրքը, բոլորը միասին հինգ հարիւր կռուող: Վճռական ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Քասաղ գետի ափին, Սերկեւիլ լերան մօտ: Անհաւասար գօտեմարտի ընթացքին Վասակ Հոլում յաջողեցաւ ծանր կորուստներ պատճառել թշնամիին: Դելմիկներու քաջերէն հսկայ խափշիկի մը հետ մենամարտի բռնուեցաւ եւ սուրի մէկ հարուածով անոր գլուխը երկուքի բաժնեց, որմէ ետք փախուստի դիմեց թշնամին:
Ճակատամարտի աւարտին, յոգնած ու պարտասած, Վասակ Հոքում Սերկեւիլ լերան ժայռերու շուքին տակ նստելով քնացաւ, երբ անմիտ գիւղացի մը բարձր ժայռէն վար հրելով սպաննեց դիւցազնը:
Վասակ Հոլումի զաւակներն են Գրիգոր եւ Սեդա:
ԳՐԻԳՈՐ ԲՋՆԵՑԻ ՄԱԳԻՍՏՐՈՍ
Իբրեւ Բջնիի տէր Վասակ Հոլումի յաջորդեց զաւակը` Գրիգոր: Գիտնական, փիլիսոփայ եւ մանկավարժ, արժանացաւ մագիստրոսի կոչումին: Կոչուած է նաեւ Գրիգոր Բջնեցի: Հօր նման աներկիւղ, ինքն ալ բազմաթիւ կռիւներ մղեց թշնամիներուն դէմ եւ նեցուկ կանգնեցաւ Բագրատունեաց գահին: 1031-ին կառուցեց Բջնիի Սուրբ Աստուածածին փառաւոր տաճարը:
Բջնի այս ժամանակ Հայաստանի չորս եպիսկոպոսական մեծ աթոռներէն մէկն էր, որուն վերապահուած էր կաթողիկոսի ընտրութիւնը: Բջնիի եպիսկոպոսութեան սահմանները կ՛ընգդրկէին Ախուրեան գետի ափերէն մինչեւ Գեղարքունիք:
Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս, իր բիւզանդամոլ քաղաքականութեան պատճառով 1031-ին հեռացուեցաւ եւ անցաւ Վասպուրական: Յովհաննէս Սմբատ թագաւոր 1037-ին կանչեց զայն եւ գահընկէց ընելով Սանահինի վանահայր Դիոսկորոս Սանահնեցին կաթողիկոս հռչակեց: Գահընկէց ըլլալէն ետք Պետրոս Գետադարձ գնաց Բջնի, ուր տարի մը ամբողջ Գրիգոր Բջնեցիի հիւրը եղաւ, մինչեւ որ 1039-ին վերահաստատուեցաւ գահին վրայ:
Յովհաննէս Սմբատ թագաւորի մահէն ետք, 1042-ին, Գրիգոր Բջնեցի, հօրեղբօր` Վահրամ սպարապետին եւ հայրենասէր իշխաններուն հետ Անիի մէջ գահ բարձրացուց Գագիկ Բ.ը, եւ իր ձեռքով թագը դրաւ երիտասարդ թագաւորի գլխուն:
Գագիկ Բ. թագաւոր, Բիւզանդիոնի Կոստանդին Մոնոմախոս կայսեր հրաւէրին ընդառաջելով 1045-ին մեկնեցաւ Կոստանդնուպոլիս: Իբրեւ յունագէտ իրեն ընկերակցեցաւ Գրիգոր Բջնեցի: Անին Բիւզանդիոնի յանձնելու պահանջով կայսեր հետ ապարդիւն բանակցութիւններէ ետք, Գրիգոր, երբ համոզուեցաւ որ այլեւս անհնար է թագաւորին վերադարձը, դարձաւ Անի:
Տեսնելով որ Բագրատունեաց թագաւորութեան հարցը լուծուած է, Գրիգոր իր հայրենի կալուածները եւ Բջնիի բանալիները բիւզանդացիներուն յանձնեց եւ փոխարէնը հողեր եւ գիւղեր ստացաւ Միջագետքի մէջ: Բիւզանդական արքունիքը մագիստրոսի պալատական եւ ռազմական բարձր տիտղոսը շնորհեց անոր եւ 1048-ին Միջագետքի կուսակալի պաշտօնը տուաւ: Գրիգոր Մագիստրոսի կուսակալութեան սահմանները կ՛ընդգրկէին Միջագետքը, Վասպուրակը եւ Տարօնը: Ան շարք մը կռիւներ մղեց սելճուք թուրքերու դէմ, պաշտպանելով երկրին արեւելեան սահմանները անոնց ասպատականութիւններէն:
Գրիգոր Մագիստրոս նպաստեց գիտութիւններու եւ գրականութեան զարգացման. ունէր սեփական դպրոց, ուր կը դասաւանդէր ճարտասանութիւն, փիլիսոփայութիւն, քերականութիւն եւ թուաբանութիւն: Կառուցել տուաւ վանքեր, եկեղեցիներ եւ մատուռներ` Կեչառոյքի, Հաւուց Թառի եւ այլ վայրերու մէջ, որոնք հայ ճարտարապետութեան կոթողներ են:
Գրիգոր Մագիստրոսի զաւակներն են` Վասակ, Վահրամ Գրիգոր եւ երեք աղջիկ: Վասակ Բիւզանդական կայսրութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար Անտիոքի դուքս նշանակուեցաւ եւ դաւադրաբար սպաննուեցաւ 1078-ին: Իսկ Վահրամ Գրիգոր 1066-ին դարձաւ կաթողիկոս` Գրիգոր Բ. Վկայասէր անունով. վախճանեցաւ 1105-ին, Քեսունի մէջ:
ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ՇԱՌԱՒԻՂՆԵՐ
ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ
Բջնի բիւզանդացիներուն ձեռքը մնաց մինչեւ 1072, երբ սելճուքներ գրաւեցին զայն, աւերեցին եւ կողոպտեցին:
Պահլաւունիներու սերունդէն քանի մը իշխաններ, սելճուքներուն հետ բարեկամանալով, որոշ ժամանակ մը վերադարձան Բջնի եւ իշխանութիւն հաստատեցին Բջնիի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ:
Պահլաւունիներու շառաւիղներէն Ապիրատ Դուինի մէջ իշխանութիւն հաստատեց. անոր սերունդէն էր Բարսեղ Ա. Անեցի կաթողիկոս:
Պահլաւունիներու ճիւղերէն էր Հասան իշխանին սերունդը: Հասանի զաւակն էր Ապիրատ, որուն զաւակը` Վասակ ամուսնացաւ Գրիգոր Մագիստրոսի Մարիամ դստեր հետ. անոնց զաւակները` Ապիրատ, Վահրամ, Վասակ, Գրիգոր եւ Լիկոս դարձան քաջ զօրականներ եւ երկար պայքար մղեցին օտար նուաճողներու դէմ: Գրիգոր դարձաւ կրօնաւոր եւ ընտրուեցաւ Եգիպտոսի հայոց եպիսկոպոս, իսկ եղբայրները` Վահրամ եւ Վասակ իրենց զօրքերով մտան Եգիպտոս եւ խալիֆայի ծառայութեան մէջ մտան` ստանալով ընդարձակ տիրոյթներ Սայիտի շրջանին մէջ. Վահրամ դարձաւ խալիֆային վեզիրը: Վասակի զաւակները` Լիկոս եւ Ապլղարիպ դարձան Պիր եւ Թլպաշար բերդաւաններու իշխանները: Ծովք դղեակը հաստատուած Ապիրատ իշխանի զաւակներէն են Գրիգոր Գ. Պահլաւունի եւ Ներսէս Դ. Շնորհալի կաթողիկոսները. անոնց Վասիլ եղբօր զաւակն է Գրիգոր Դ. Տղայ կաթողիկոս, Վասիլի թոռը` Գրիգոր Ե. Քարաւէժ կաթողիկոս եւ Վասիլի եղբօր` Շահան – Զօրավարի զաւակը` Գրիգոր Զ. Ապիրատ կաթողիկոս:
Գրիգոր Զ. Ապիրատի քոյրը` Շահանդուխտ ամուսնացած էր Լամբրոնի իշխան Օշին Հեթումեանի հետ. անոնց զաւակներն են Ներսէս Լամբրոնացի եւ Հեթում Բ. իշխան:
ԲՋՆԻ ԶԱՔԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
Հայ-վրացական բանակները 1201-ին գրաւեցին Բջնին, որմէ ետք անիկա Զաքարեաններու իշխանութեան կազմին մէջ մտաւ, եւ յետոյ աթաբակ Զաքարեան Աւագի աթոռանիստը դարձաւ: Զաքարեանի որդի Շահնշահի օրով, 1251-ին յիշուած են Բջնիի Վանական եւ Գրիգոր եպիսկոպոսները: Զաքարեանները նորոգեցին Բջնին, որ կրկին շէնցաւ ու բարգաւաճեցաւ:
Աթաբակ Շահնշահի զաւկին` աթաբակ Զազայի իշխանութեան օրով Մելիք Աշրաֆ յարձակեցաւ Բջնիի վրայ եւ աւերեց շէն բնակավայրը, եկեղեցիները քանդեց եւ անխնայ կոտորեց ժողովուրդը:
ԼԵՆԿԹԻՄՈՒՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐԸ
ԵՒ ԲՋՆԻԻ ԱՒԵՐՈՒՄԸ
1386-ին սկսան Լենկթիմուրի արշաւանքները. Բջնի գրաւուեցաւ եւ անոր բնակչութիւնը սուրի քաշուեցաւ: Գրիգոր Խլաթեցի իր «Յիշատակարան աղէտից» աշխատութեան մէջ, Բջնիի ամրոցին ակնարկելով կը գրէ.
«Որոյ անուն գլխաւորին
Էր Լանկ-Թիմուր չարեաց գնդին,
Այս էր ի թիւ ութհարիւրին,
Եւ երեսուն եւ վեց ամին:
Զամուր տեղիսն յաւար առին
Եւ շատ ոճիրներ գործեցին.
Յորոց մին էր եւ Բըջնին,
Որ էր աթոռ երկուս պետին,
Զոր առին եւ քանդեցին:
Զեպիսկոպոսն սպաննեցին»:
ԲՋՆԻ ՀԵՏԱԳԱՅ ԴԱՐԵՐՈՒՆ
Բջնիի մէջ 1432-ին յիշուած է Ծատուր հայ իշխանը, որ հաւանաբար Պահլաւունիներու սերունդէն էր:
Փիլիպոս Աղբակեցի կաթողիկոսին հրամանով 1648-ին վերանորոգուեցաւ Բջնիի եկեղեցին: Ֆրանսացի ճանապարհորդ Ժան Շարտէն 1673-ին այցելելով Բջնի կը գրէ որ անիկա շէն աւան է իր ամրակառոյց պարիսպներով:
Ներկայիս փոքր բնակավայր կամ գիւղ, Հրազդանի աջ ափին պահպանուած են հին Բջնիի աւերակները եւ բերդին մնացորդները:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ