ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ԵՐԱԺԻՇՏ ԱՐՏՕ ԹՈՒՆՋՊՈՅԱՃԵԱՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՔԱՂԱՔԱՑԻԻ ԱՆՁՆԱԳԻՐ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ Է

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յուլիս 18-ին ընդունած է «Կրեմմի-2011»ի դափնեկիր, «Արմինիըն նեյվի պենտ» խումբի ղեկավար, յայտնի երաժիշտ Արտօ Թունջպոյաճեանը, որուն յանձնած է Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր:

ԱԺ նախագահը շնորհաւորած է զայն Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր ստանալուն առիթով, եւ վստահութիւն յայտնած, թէ ան այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ արժանապատուօրէն ներկայացնել հայ մշակոյթը արտերկրի մէջ:

Խորհրդարանին ղեկավարը կարեւոր համարած է մշակոյթին դերը` իբրեւ երկրի եւ ժողովուրդի այցեքարտի:

Յովիկ Աբրահամեան նշած է, թէ մտադիր է նախաձեռնել շարք մը բարեգործական համերգներու` ուղղուած վիճակով խոցելի խումբերու աջակցութեան եւ ակնկալելով նաեւ «Արմինիըն նեյվի պենտ» խումբին մասնակցութիւնը:

Արտօ Թունջպոյաճեան ներկայացուցած է իր ծրագիրները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած` շարունակելու համագործակցութիւնը ԱԺ-ի հետ:

ՀՅԴ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 11-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

11-րդ տարին ըլլալով, Հայաստանի Աղուրեան եւ Արցախի Շուշի շրջաններուն մէջ պիտի կազմակերպուի ՀՅԴ Ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու բանակումը, որուն պիտի մասնակցին Քանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Իրանէն, Անգլիայէն, Հոլանտայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ համախմբուած ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու 100-է աւելի անդամներ:

Բանակումին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 4 օգոստոսին, Եռաբլուրի մէջ, իսկ բանակումի մասնակցող երիտասարդներուն համար նախատեսուած են Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան, պտոյտներ դէպի Սեւան, Գեղարդ, Գառնի, Էջմիածին: Բանակումի յայտագիրը հարուստ պիտի ըլլայ դասախօսութիւններով եւ տարբեր բնոյթի այցելութիւններով: Ապա, բանակումի մասնակցողները պիտի փոխադրուին Արցախ, ուր պիտի շարունակուի բանակումի յայտագիրը` այցելելով Շուշի, Գանձասար, Ստեփանակերտ:

ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՕՐԸ

Յուլիս 7-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանի մէջ նշուեցաւ աւանդական դարձած Ազգային գրադարանի օրը:

Ձեռնարկին պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին ներկաներուն եւ գիրքի հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր անհատներուն շնորհաւորական խօսք արտասանած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տիգրան Զարգարեան: Ան նշած է, որ Ազգային գրադարանը մեծ դերակատարութիւն ունի հայկական գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած եւ Երեւանը գիրքի միջազգային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով նախատեսուող տօնակատարութիւններուն շրջագիծին մէջ: Տօնի խորհուրդին եւ պատմութեան մասին հանգամանօրէն խօսած է Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Ռաֆիկ Ղազարեան: Շնորհաւորական խօսքեր արտասանած են` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արտաշէս Շահպազեան, Մշակոյթի նախարարութեան, փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հանրային տեղեկատուութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Մարիա Դոցենկոն: Վերջինս խօսած է Ազգային գրադարանի հետ համագործակցութեան մասին, մասնաւորապէս շեշտած է Դ. Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ շրջուն գրադարանով կատարուած այցելութիւնները, որոնց ընթացքին նոր գրականութեամբ համալրուած են մարզերու եւ գիւղերու գրադարանները: Ազգային գրադարանի օրուան խորհուրդին մասին խօսած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մ. Աբեղեան»ի անուան գրականութեան հիմնարկի փոխտնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը, գեղանկարիչ Նիկոլ Աղաբաբեանը, բանաստեղծներ Արեւշատ Աւագեանը, Լեւոն Պլպուլեանը եւ արձակագիր Վանուշ Շերմազանեանը: Նշենք, որ Ազգային գրադարանի եւ Մշակոյթի նախարարութեան պատուոյ գիրերով եւ շնորհակալագիրներով պարգեւատրուած են Հայաստանի ազգային գիտութիւններու երկարամեայ աշխատակիցները:

Ազգային գրադարանի տօնին առիթով կազմակերպուած է շարք մը միջոցառումներ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւներն էին նոթաներու եւ խազերու, նոր ստացուած պատկերագիրքերու, այլ տարբեր հրատարակութիւններու` բացիկներու, օրացոյցերու ցուցադրութիւններ, նաեւ առանձին ցուցափեղկով ներկայացուած են կոնդակներ: Նշենք, որ «Հեղինակները մեր ընթերցողներն են» խորագիրը կրող ցուցափեղկերէն մէկուն մէջ ցուցադրուած էին այն գիրքերը, որոնք գրուած են Ազգային գրադարանի ընթերցասրահներուն մէջ, եւ որոնք կը կրէին հեղինակներուն ընծայագիրները:

Յայտնենք նաեւ, որ ցուցահանդէսներէն մէկն ալ կրած էր «Շրջակայ միջավայր եւ բնապահպանութիւն» խորագիրը:

Տօնին առիթով Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է մասնագիտական մամուլի տեսութիւն, ցուցադրուած են Ազգային գրադարանի պատմութիւնը, անցեալը եւ ներկան ներկայացնող տեսանիւթեր:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի ազգային գրադարանի պատմութեան սկիզբը կը համարուի 1832 թուականը, երբ հիմնադրուած է Երեւանի Արական Գիմնազիայի գրադարանը: Ազգային գրադարանի օրը նշուելու սկսած է 1999 թուականին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԱՅՑԵԼԱԾ Է «ՍՓԻՒՌՔ» ԳԻՏԱՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելած է Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոն, ուր հանդիպած է «Երեւանի դպրոցներու հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներուն արեւմտահայերէնի վերապատրաստման դասընթացքներուն» մասնակցողներուն հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի նախագահ Ռուբէն Միրզախանեան:

Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է դասախօսութիւն մը, որուն ընդմէջէն անդրադարձած է սփիւռքի նկատմամբ պետական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներուն, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հիմնական սկզբունքներուն, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հիմնական նպատակներուն ու գործունէութեան ուղիներուն: Սփիւռքի նախարարը դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձած է նաեւ համահայկական, համազգային հիմնահարցերուն, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին խաղաղ կարգաւորման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման, սփիւռքի մէջ ուծացման դէմ պայքարին, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան արժէքին բարձրացման եւ հայութեան համախմբման եկեղեցւոյ շուրջ, Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական զարգացման, հզօրացման եւ անվտանգութեան ապահովման: Աւարտին Հրանուշ Յակոբեան պատասխանած է ուսուցիչներուն հարցումներուն:

«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ.ԹԻ.ԷՍ.»Ը ԱՋԱԿՑԱԾ Է
ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ`
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՕԹԸ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

6 յուլիսին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը «Նախագիծերու կառավարման հայկական միութեան» հետ սկսած է կրթական ծրագիրներու նոր շարքի մը: Որեւէ նախաձեռնութիւն կեանքի կոչելու եւ ակնկալուած արդիւնքը ձեռք ձգելու նախապայմանը նախագիծերու կառավարման հմտութիւնն է: Անիկա կ՛ենթադրէ նաեւ շարք մը գործընթացներու, մասնաւորապէս` նպատակներու սահմանման, մարտահրաւէրներու բացայայտման եւ զանոնք կառավարելու գործընթացներու մշակման, վերահսկողութեան, ինչպէս նաեւ վերջնական արդիւնքի ամփոփման բոլոր հանգրուաններու սերտողութիւնն ու ուսումնասիրութիւնը:

Հայաստանի եօթը համալսարաններու դասախօսները կարելիութիւն պիտի ունենան նախագիծերու կառավարման վերաբերող հսկայածաւալ տեղեկատուութիւն ստանալու կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին: Այս կրթական ծրագիրները մասնակցողներուն կարելիութիւն պիտի տան բացայայտելու` արդիւնաւէտ կառավարման ունակութիւններ եւ ձեռք բերելու նոր հմտութիւններ:

«Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան յայտնած է. «Մարդիկ իրենց մասնագիտական իսկական կարողութիւնները կը բացայայտեն գործունէութեան ընթացքին: Նախագիծերու կառավարման հարցին մէջ անոնց ունեցած պատկերացումները երբեմն կրնան ուղղակի չհամապատասխանել իրականութեան` հաւանական վտանգներու պատճառով: Անոնց հետ բախումը կը յառաջացնէ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու պահանջ եւ իրավիճակը վերահսկելու կարողութիւն: Ժամանակի ընթացքին բոլոր մասնագէտները նման պայմաններու մէջ ձեռք կը բերեն փորձառութիւն, իսկ յաւելեալ յաջողութիւններ կը գտնեն նախագիծերու այն ղեկավարները, որոնք կը տիրապետեն տարբեր հանգրուաններու մէջ հարցը դիտարկելու եւ զայն ճիշդ լուծելու հմտութիւններուն: Այս նպատակին իրագործման է, որ կ՛աջակցի «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ը, շեշտած է Ռ. Երիկեանը:

Յայտնենք, որ «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ը պիտի հրատարակէ նաեւ գիրք մը` նախագիծերու կառավարման դասընթացքին մասին:

ՃԱՓՈՆԸ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ`
ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՊԵՂՈՒԱԾ ՄԵՏԱՂԵԱՅ ԻՐԵՐՈՒ
ՀԵՏԱԶՕՏՄԱՆ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Վերջերս Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Թոքիոյի Մշակութային արժէքներու հետազօտութեան ազգային հիմնարկին միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որով հիմը դրուեցաւ հայ-ճափոնական համագործակցութեան` մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մարզին մէջ: Փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանի, Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անելկա Գրիգորեանի, Թոքիոյի Մշակութային արժէքներու հետազօտութեան ազգային հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Նոպուօ Քամէի միջեւ:

Յուշագիրին մէջ կողմերը նախատեսած են իրականացնել Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հնագիտական մետաղեայ իրերու հետազօտութեան եւ պահպանութեան միացեալ ծրագիր, որ նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ ստեղծելու մետաղեայ իրերու հետազօտման եւ պահպանման կեդրոն:

Յուշագիրը պիտի իրականանայ 4 հանգրուանով եւ պիտի ընթանայ մինչեւ 2014 թուական: Ծրագիրը կը նախատեսէ ներուժի զարգացում Հայաստանի պատմութեան թանգարանի մասնագէտներու մասնակցութեամբ, գիտական վերլուծում եւ պատմական հնագիտական հետազօտութիւն, որուն ընթացքին նախատեսուած է իրագործել Հայաստանի տարածքին պեղուած հնագիտական մետաղեայ առարկաներու հետազօտման ու ամրակայման աշխատանքներ եւ սարքերուն վերաբերող հետազօտական գործունէութիւն: Ծրագիրին իրագործելիք կէտերէն է նաեւ միջազգային համագործակցութեան ցանցի ստեղծումը: Հայ-ճափոնական համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` պիտի իրականացուի տարածաշրջանի հնագէտներու, վերականգնողներու եւ ոլորտային այլ մասնագէտներու վերապատրաստում, այնուհետեւ 2014 թուականին տարածաշրջանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի գործէ նորագոյն արհեստագիտութեամբ:

Եւ փորձառու մասնագէտներով հնագիտական մետաղեայ իրերու հետազօտման եւ պահպանման կեդրոն, հաղորդած է մշակոյթի նախարարութեան կայքը:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ ՄԱՐՏՈՒՆԻԻ ԳԻՒՂԵՐԷՆ ԿԱՐՄԻՐ
ՇՈՒԿԱՅԻ ՋՐԱՄԱՏԱԿԱՐԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի տեղական մարմնի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան Միացեալ Ֆինանսաւորումով սկսած են կառուցելու Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանի Կարմիր Շուկայ գիւղին ըմպելի ջուրի ներքին ցանցը:

Նախորդ դարու 30-ականներուն կառուցուած ջրամատակարարման ներքին ցանցը ամբողջովին շարքէն դուրս գալով արդէն անգործածելի է: Ըստ գիւղապետ Սամուէլ Յակոբջանեանի, կենցաղային կարիքները հոգալու համար գիւղացիները ջուր կը կրեն գիւղին աղբիւրներէն:

Ծրագրին մէջ նախատեսուած է գիւղին համար նոր ներքին ցանց կառուցել, ինչպէս նաեւ պիտի վերանորոգուին Տնջրի եւ Հաչա աղբիւրներու աղբիւրակապետը: Պիտի կառուցուի 100-150 խորանարդ մեթր տարողութեամբ ջրամբար, 11 քիլոմեթր երկարութեամբ ութ ջրատարերու միջոցով ներքին ցանցը պիտի միացուի աղբիւրներուն եւ առանձին ջրագիծերով ջուրը պիտի հասնի տուները:

Ներկայիս կը կատարուին Տնջրի աղբիւրակապէն մինչեւ գիւղ տանող ջրատարի կառուցման աշխատանքները:

«Ջուրի հարցը Հայաստանի եւ Արցախի շատ մը գիւղերուն մէջ տակաւին կը մնայ իբրեւ հրատապ լուծում պահանջող հարց եւ պատահական չէ, որ այս տարի եւս հիմնադրամին հանգանակած գումարներուն մեծ մասը պիտի տրամադրուին գիւղական համայնքներու մէջ ջրամատակարարման ծրագիրներու իրականացման», հաղորդած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Նշենք ,որ 2012 թուականի սկիզբը 270 ընտանիքներ` աւելի քան 1050 բնակիչ, պիտի կարենայ ունենալ կանոնաւոր ջրամատակարարում:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 19.1 ՄԻԼԻՈՆ
ԵՈՒՐՕ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

Եւրոպական միութիւնը 19.1 միլիոն Եուրօ պիտի յատկացնէ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներ կատարելու համար: Ըստ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան տեղեկութիւններուն, յուլիս 13-ին եւրոյանձնաժողովը հաստատած է Հայաստանի տարեկան ծրագիրին 2011-ի գործողութիւններուն առաջին մասը, որ կը թոյլատրէ յառաջացնել հիմնարար բարեփոխումներուն իրագործումը Հայաստան-Եւրոմիութեան համագործակցութեան ծիրին մէջ:

«Արաբական գարունը գերազանցեց ակնկալիքները արեւելեան դրացի երկիրներուն մէջ հիմնական բարեփոխումներու իրականացման համար: Այդ փոփոխութիւններուն եղած ազդեցութիւնը արեւելեան գործընկերներու, ներառեալ Հայաստանի վրայ կարելի չէ անտեսել», յայտնած է Եւրոպական դրացութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման գծով Եւրոյանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ: Ան տեղեկացուցած է, որ ծրագրին վաւերացումը կը վկայէ այն մասին, որ Եւրոմիութիւնը կարեւոր կը նկատէ բարեփոխումներու իրականացումը, եւ որ անհրաժեշտ է դրացի երկիրներու մէջ բարեկեցութիւն ապահովելու համար:

«ՄԱՐԻ ՔԼԵՐ ԹՐԵՒԸԼ» ԱՄՍԱԳԻՐԸ`
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

«Մարի Քլեր Թրեւըլ» յայտնի ամսագիրի իտալական տարբերակը, 2011-ի յուլիս-օգոստոս թիւին մէջ Հայաստանի մասին հրապարակած է 20 էջնող ծաւալուն յօդուած մը` «Ուր կը շնչեն քարերը. ուխտագնացութիւն դէպի քրիստոնէական Հայաստանի սիրտը» խորագիրով:

Ամսագիրը ընթերցողներուն կը ներկայացնէ հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ` ներկայ Հայաստաի Հանրապետութիւնը: Յօդուածին մէջ առկայ են բարձրորակ լուսանկարներ եւ բազմաթիւ տեղեկութիւններ` Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն համար:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES