Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ-Ամալ Թրիփոլի
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 14 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի հիւրընկալէ Ամալ Թրիփոլին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի խումբին համար առաւելագոյն 3 կէտը ապահովելը կը նկատուի շատ կարեւոր, որպէսզի կարելի ըլլայ դասաւորման ամէնէն բարձր դիրքերուն վրայ գտնուիլ:
CATEGORIES Մարզական

