Ժամանակներու Կշռոյթով. Քաղաքները Ի՞նչ Երեւոյթ Պիտի Ունենային, Եթէ Միայն Աստղերով Լուսաւորուէին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985starԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ «ԽԱՒԱՐԱԾ ՔԱՂԱՔՆԵՐ» ՎԵՐՆԱԳԻՐՈՎ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՄՇՏԱՐԹՈՒՆ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԼՈՅՍՈՎ ԱՊԱԿԱՆԱԾ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԷ ՄՈՒԹԸ ԵՒ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԸ ՈՒԱՅՐՏ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:

Ամերիկացի աստղագէտ Քարլ Սական առիթով մը ըսած է, թէ երկինքին վրայ ամէն ինչ կը փայլի` հիւլէական հեռաւոր միաձուլումներու պատճառով: Այս բոլորին մէջ դերակատար բնագիտութեան մանրամասնութիւնները հոյակապ են, նոյնպէս ալ` միլիառաւոր աստղերը, զորս կը տեսնենք երկիրէն: Սակայն քաղաքներէ բարձրացող լոյսի եւ օդի ապականումը օրէ օր կը սաստկանայ եւ կը դժուարացնէ տիեզերքը դիտելու մեր կարողութիւնը:

Ֆրանսացի արուեստագէտ Թիերի Քոէն մարդկութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հետզհետէ տարածուող այս կորուստին վրայ` «Խաւարած քաղաքներ» վերնագիրով լուսանկարներու շարքով մը, որ աշխարհի մեծագոյն քաղաքները կը պատկերէ գիշերուան մաքրամաքուր երկինքի տակ: Աներեւակայելի են անոր լուսանկարները, նաեւ` գեղեցիկ: Քաղաքային մութ տեսարանները եւ ցայտուն համաստեղութիւնները երկու տարբեր պատկերներու համադրումներ են. անոնցմէ մէկը կը պատկերէ քաղաքը, միւսը` երկինքը:

«Երկու իրականութիւններ մէկտեղելով` կը ստեղծեմ երրորդ մը, որ չէք կրնար տեսնել, բայց գոյութիւն ունի՛: Ես ձեզի ցոյց կու տամ բացակայ աստղերը,- կ՛ըսէ Քոէն:- Լուսանկարչութիւնը մեր չտեսած բաները մեզի ցոյց տալու միջոց մըն է: Լուսանկարչութիւնը երազելու միջոց մըն է: Ես ձեզի ցոյց չեմ տար քաղաքներ` աշխարհի կործանումէն ետք, այլ` ելեկտրականութենէ զերծ քաղաքներ: Ես կը վերադարձնեմ լռութիւնը»:

Քոէն այցելած է 9 քաղաքներ, ներառեալ` Նիւ Եորք, Սան Ֆրանսիսքօ, Ռիօ Տը Ժանէյրօ եւ Հոնկ Քոնկ: Եռոտանի մը եւ բեւեռային աստղադիտակ մը օգտագործելով` ան կը լուսանկարէ քաղաքային տեսարան մը, ապա կը ճամբորդէ դէպի նոյն լայնութեան վրայ գտնուող նուազ մարդաբնակ շրջան մը, ուր մթնոլորտը աւելի մաքուր է, եւ կը լուսանկարէ: Այսպէս` Շանկհայի լուսանկարին մէջ պատկերուած երկինքը իրականութեան մէջ Արեւմտեան Սահարայի երկինքն է, իսկ Փարիզը լուսաւորուած է Մոնթանայի աստղերով:

Իւրաքանչիւր պատկերի կէսը ստեղծելու համար Քոէն կը գործածէ լուսանկարչական նոյն գործիքը եւ ոսպնեակը, ինչպէս նաեւ` քաղաքի եւ երկինքի հաւասար մասեր: Սակայն ժամանակները երբեք չեն համապատասխաներ, որովհետեւ Քոէն քաղաքները կը նկարէ ցերեկը: Ցերեկը գիշերուան վերածելու թեքնիքներ օգտագործելով` ան կը պատկերէ արհեստական լոյսէ զերծ գիշերուան տեսարաններ: Այս թեքնիքը լաւագոյն արդիւնք կու տայ այն օրերուն, երբ գորշ է երկինքը եւ կը ստեղծէ քաղաքներու լոյսէ զերծ ցայտուն պատկերներ:

«Խաւարած քաղաքներ» լուսանկարներու շարքը միաժամանակ կը ներկայացնէ այն, ինչ որ շահած ենք եւ կորսնցուցած: Քոէն ցոյց կու տայ, թէ խելացի հնարքներով կարելի է լուսանկար մը վերածել քննադատական միտքը խթանող իրի: Այս անշարժ, մութ բնանկարները ի յայտ կը բերեն հաւանական այլ գոյութիւն մը եւ կը պարգեւեն զուգահեռ այլ տիեզերքի մը պատկերը:

«Լուսանկարչութիւնը աւելի կապ ունի բանաստեղծութեան հետ, քան` իրականութեան,- կ՛ըսէ Քոէն:- Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կը դիտենք աշխարհը: Կրնաս ցոյց տալ ա՛յն աշխարհը, զոր պիտի ուզէիր ցոյց տալ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )