Ժամանակներու Կշռոյթով. Եղանակային Ներգործութիւններ Եւ Ձմեռնային Ընկճուածութիւն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նորվեկիոյ Ռայքըն գիւղաքաղաքին մէջ հսկայական հայելիներ զետեղուած են արեւուն լոյսը ցոլացնելու համար:
ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ 30 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԷՐ, ՈՐ «ԵՂԱՆԱԿԱՅԻՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԽՏ» (ՍԷՏ) ԲՆՈՐՈՇՈՒՄԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՑԱՒ` ՆԿԱՐԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄԸ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՍ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄԸ ՉԱՐԱՉԱ՞Ր ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ ԱՅՍՕՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ:
Հոգեբան Նորման Ռոզենթալ առաջին անգամ 1984-ին գործածած է «եղանակային ներգործութիւններու ախտ» եզրը, որ շրջած է ձմրան նկատմամբ մեր հայեցակէտը:
Եղանակային ներգործութիւններու ախտը կ՛ակնարկէ հոգեկան այն անկումին, որ կը վերադառնայ եղանակներուն հետ, մասնաւորաբար` ձմեռը: Լոյսի բացակայութիւնը իր ժխտական ներգործութիւնը կ՛ունենայ ուղեղին այն մասին վրայ, որ կը ղեկավարէ քնանալու, ախորժակի, սեռային ցանկութեան, տրամադրութեան եւ աշխուժութեան մակարդակները: Այս ախտէն տառապողները կը դառնան մելամաղձոտ եւ կը զգան քաղցրեղէնի պահանջ:
Ռոզենթալ այս եզրը ներառած է ուսումնասիրութեան մը մէջ, երբ Հարաւային Ափրիկէի Ճոհանեսպըրկ քաղաքին մէջ որոշ ժամանակ մը ապրելէ ետք վերադարձած է Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան շրջանը, ուր ձմեռը խիստ է:
«Մարդիկ Ուրախ Չեն Ձմեռը»
«Շուրջ 3 տարի ուսումնասիրեցինք ձմեռնային եւ ամառնային եղանակները եւ նկատեցինք, թէ մարդիկ ուրախ չեն ձմեռը», կ՛ըսէ Ռոզենթալ, որ դասախօս է Ճորճթաունի համալսարանին մէջ (Ուաշինկթըն):
Սակայն Ռոզենթալի եւ այլոց ուսումնասիրութիւները հաստատած են, թէ տրամադրութեան անկումէն անդին էր հարցը: Մշակութային այն գաղափարը, թէ շատեր նուազ ուրախ կը զգան ձմեռը, պարզապէս ընդհանրութիւն մը չէր, այլ ցոյց կու տար, թէ աւելի լուրջ բան մը կը պատահէր գէթ որոշ թիւով անձերու կեանքին մէջ: «Երեւոյթը կը վերածուի բժշկագիտական հարցի, երբ իր անդրադարձը կ՛ունենայ մարդոց կեանքին վրայ, երբ անոնք չեն կրնար աշխատիլ կամ` սպառած կը զգան», կ՛ըսէ Ռոզենթալ:
Եղանակային ներգործութիւններու ախտը շատերուն համար կը նկատուի առողջական հարց: Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային սպասարկութիւնը զայն դիմագրաւելու խորհուրդներ կու տայ: Ախտը նաեւ կ՛օգտագործուի ժողովրդային մշակոյթի մէջ, մասնաւորաբար` աշխատաւոր խաւին կողմէ:
Բրիտանիոյ մէջ եղանակային ներգործութիւններու ախտ եզրը առաջին անգամ օգտագործուած է «Թայմզ» թերթին կողմէ` 1988-ին, յօդուածի մը մէջ, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր կապը կէսօրէ ետք աշխատող անձերու եւ ցերեկուան լոյսի բացակայութեան հետ: Այնուհետեւ անիկա մաս կազմած է առօրեայ խօսակցական լեզուին: «Կուկըլ թրենտծ»-ի համաձայն, ամէնէն աւելի Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ մարդիկ համացանցի վրայ տեղեկութիւներ կը փնտռեն այս եզրին վերաբերեալ:
Ռոզենթալ կ՛ընդունի, թէ եզրին յապաւումը` ՍԷՏ (սիզընըլ էֆֆեքթիւ տիսորտըր) ընտրուած է յատուկ նպատակով` լրատուամիջոցներու վրայ առաւելագոյն ներգործութիւն ունենալու համար:
Տասնամեակ մը առաջ Սառա Ճարվիս նկատած էր, թէ շատ աւելի մեծ թիւով անձեր վիրահատական գործողութիւններու կ՛ենթարկուէին ՍԷՏ-ի պատճառով: «Կը թուի, թէ շատեր կը տառապին ձմեռնային հոգեկան անկումէ: Շատ սովորական է այս երեւոյթը», կ՛ըսէ Ճարվիս, որ կը ներկայացնէ «Պի. Պի. Սի.»-ի լուրեր քննարկող «Ճերըմի Վայն» յայտագիրը:
«Շատ կը նմանի առողջական այլ վիճակներու սխալ բացատրութեան,- կ՛աւելցնէ ան:- Օրինակ, շատեր ոչ թէ գլխացաւէ կը տառապին, այլ` անգարէ (միկրէյն): Իրապէս ՍԷՏ-է տառապող կարելի է նկատել այն անձերը, որոնք երկու տարի շարունակ հոգեկան անկում կը դիմագրաւեն»:
«Եղանակային ընկճուածութեան հետ կ՛առնչուի անքնութիւնը, մինչդեռ ՍԷՏ-է տառապողները տեւաբար յոգնած կը զգան եւ աւելի երկար ժամանակ կ՛անցընեն անկողինին մէջ», կը բացատրէ Ճարվիս, որուն համաձայն, Բրիտանիոյ բնակչութեան հաւանաբար 3 առ հարիւրէն 5 առ հարիւրը կը տառապի ՍԷՏ-է, իսկ 12.5 առ հարիւրը, այսինքն ութ բրիտանացիէն մէկը կը տառապի աւելի սովորական ձմեռնային ընկճուածութենէ. եզր մը, որ շատ լաւ ձեւով չի նկարագրեր տրամադրութեան այս տեսակի փոփոխութեան բնոյթը:

Ռայքըն շրջապատուած է լեռներով, սակայն արեւուն լոյսը քաղաքին հրապարակը կը հասնի հսկայական հայելիներու մէջ ցոլալով:
Ռոզենթալի համաձայն, ամերիկացիներուն 6 առ հարիւրը կը տառապի ամէնէն ծանր տեսակի ՍԷՏ-է եւ 14 առ հարիւրը` ձմեռնային ընկճուածութենէ: Ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ Միացեալ Նահանգներու հարաւային Ֆլորիտա նահանգին մէջ, ուր ձմրան եղանակին արեւը միջին հաշուով կը շողայ օրական 7 ժամ, ՍԷՏ-ի ամէնէն ծանր տեսակէն կը տառապի բնակչութեան միայն 1.5 առ հարիւրը: Համեմատութիւնը գրեթէ 10 առ հարիւր է հիւսիսային Նիւ Հեմփշըր նահանգին մէջ, ուր արեւը միայն 4 ժամ կը շողայ նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին:
«Անհամեմատօրէն Սպառած»
Ճենի Սքոթ-Թոմսըն ախտաճանաչուած է ՍԷՏ-ի հիւանդութեամբ: Ամէն տարի սեպտեմբերէն ապրիլ երկարող ամիսներուն ան անձնասպանութեան մղում մը կը զգայ: Քէյմպրիճի համալսարանէն ուսողութեան վկայական ստացած եւ Լոնտոնի մէջ աշխատող այս անձին համար ձմեռը դիմագրաւելը շատ ծանր է:
«Կեանքիս իրականութիւններուն բաղդատած` որոշ օրեր անհամեմատօրէն սպառած կը զգայի եւ թշուառ», կ՛ըսէ Սքոթ-Թոմսըն, որ դիմած է բժշկական օգնութեան եւ ախտաճանաչուած է ՍԷՏ-ով:
Բժիշկը յանձնարարած է լոյսի տուփի մը դիմաց նստիլ եւ արեւոտ վայրեր այցելել: Սքոթ-Թոմսըն կը պատմէ, թէ իր կեանքը յանկարծ շրջուած է եւ` տարբեր երանգ մը ստացած: «Անհաւատալի էր ներգործութիւնը: Այդ տարին` (2009-2010), վեց տարուան մէջ առաջին անգամն էր, որ սեպտեմբերէն ապրիլ երկարող ամիսներուն անձնասպանութեան հակումներ չունեցայ: Անդրադարձայ, թէ ամէն անձի տրուած չէ տարուան կէսը ինքզինք ատելով եւ մահը ցանկալով ապրիլ»:
Ռոզենթալ կը քաջալերէ ելեկտրական լոյսերու օգտագործումը` ՍԷՏ-ի ժխտական անդրադարձները կանխարգիլելու համար: Ան խորհուրդ կու տայ այս միջոցը կիրարկել նաեւ Բրիտանիոյ մէջ, որուն բնակչութիւնը ձմրան եղանակին կը մատնուի «մռայլ տրամադրութեան», ոչ միայն որովհետեւ օրերը կարճ են, այլ նաեւ` որովհետեւ երկինքը միշտ ամպամած է:
Լոյսով դարմանումը երկար ատենէ ի վեր ընդունուած ձեւ մըն է: Հնադարեան Յունաստանի մէջ Հիպոկրատ կը ջատագովէր արեւուն լոյսին ամոքիչ յատկութիւնները: Լոյսով դարմանումի (հիլիոթերափի) ձեւը ժողովրդականութիւն կը վայելէ 1800-ական տարիներու վերջերէն ի վեր: Ստորին թաղամասերու մէջ, ուր շատ քիչ կը թափանցէ արեւուն լոյսը, հիւծախտէ տառապող մանուկներ դուրս կը բերուէին, որպէսզի անոնց մարմինը արեւուն պարզուէր:

Լոյսով դարմանում:
Լոյսով դարմանելու ձեւը օգտագործուած է նաեւ այլ հիւանդութիւններ բուժելու համար: 1903-ին Ֆարօ կղզիներէն բժիշկ մը` Նիլս Ռայպըրկ Ֆինսըն, Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ մորթային հիւծախտը բուժող անդրմանիշակագոյն լամբ մը յայտնագործելուն համար:
Սակայն 2009-ին Բրիտանիոյ Բարձր մակարդակի առողջապահութեան եւ խնամքի ազգային հիմնարկը յայտարարեց, թէ բաւարար ապացոյցներ գոյութիւն չունին արդարացնելու համար Անգլիոյ մէջ Ազգային առողջապահութեան սպասարկութեան կողմէ այս տեսակի ընկճուածութեան դարմանումին կատարուած յատկացումները: Այժմ վերատեսութեան կ՛ենթարկուի այս մօտեցումը:
Ռոզենթալ կ՛ըսէ, թէ հեղինակաւոր ուղեցոյցի մը չգոյութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ բժիշկներ չկարենան հիւանդներուն ուղղել ճիշդ հարցումներ, օրինակ` արդեօք ախտանշաններ կը զգան ամբո՞ղջ տարին, թէ՞ միայն ձմեռը: «Սահմանափակ են կարողութիւններս համոզելու, թէ ՍԷՏ-ը դարմանումի կը կարօտի: Մարդիկ պէտք է որոշ չափով իրե՛նք համոզուին»:
«Կորսնցուցած Ենք Եղանակներու
Մեր Զգացողութիւնը»
Սակայն կարգ մը գիտնականներ տարակարծիք են, թէ ՍԷՏ-ը առանձին հիւանդութիւն մըն է: 2008-ին Թրոմսոյի համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Վիտիը Հանսըն կասկածներ յայտնած է:
«Եթէ փնտռենք, ամէնէն աւելի ՍԷՏ-ի պէտք է հանդիպինք այստեղ` Նորվեկիոյ մէջ, ուր տարին երկու ամիս արեւ չկայ,- կ՛ըսէ ան:- Փոխարէնը` Թրոմսոյի մէջ 8000 անձերու վրայ քննութիւն մը կատարելէ ետք ոչ մէկ կապ նկատած ենք ընկճուածութեան եւ լոյսի քանակութեան միջեւ»:
Յայտնապէս այս կարծիքը համատարած չէ Սկանտինաւիոյ տարածքին, ուր բազմաթիւ շրջաններ արեւուն լոյսը չեն տեսներ խոր ձմրան: Շուէտի հիւսիսային Ումէա քաղաքին մէջ ուժանիւթ արտադրող ընկերութիւն մը պասի կայարաններուն մէջ զետեղած է լոյսով դարմանումի սարքեր, որպէսզի բնակիչները կարենան դիմանալ ձմրան մութին: Նորվեկիոյ Ռայքըն քաղաքը, որ շրջապատուած է լեռներով, հսկայական հայելիներ զետեղած է արեւուն լոյսին ուղղութիւնը տարածելու համար դէպի գլխաւոր հրապարակ:
Եղանակային ներգործութիւններու ախտի ընկերակցութիւնը կը պայքարի յաւելեալ գիտակցութիւն արթնցնելու համար: Անոր անդամներէն` Հելըն ընկճուածութենէ սկսած է տառապիլ, երբ արդիական լուսաւոր յարկաբաժինէ մը փոխադրուած է Էտուըրտեան ժամանակաշրջանի մութ բնակարան մը:
«Գիտէի, թէ կ՛ատէի մթութիւնը եւ մռայլ երկինքը, սակայն ընկճուած վիճակիս եւ անոնց միջեւ կապ մը չէի տեսներ, որովհետեւ չէի գիտեր, թէ գոյութիւն ունի նման կապ մը,- կ՛ըսէ ան:- Այսօր աշխարհը արթուն է եւ արհեստական ձեւով լուսաւորուած է շաբաթը 7 օր, օրական 24 ժամ, իսկ մենք կորսնցուցած ենք եղանակներու մեր զգացողութիւնը եւ օրերու իրական կշռոյթը: Ասիկա լաւ չէ մեզի համար»: