Մասարա
Երբ մասարա ըսենք, մեր միտքը կը թեւածէ դէպի այն աւանը, որ շատերուս համար ծննդավայր է, շատերուս համար ալ` գեղեցիկ աւան, ուր բազմիցս գտնուելով` ստացած ենք մշակութային եւ ազգային աւիշ: Մեր միտքը կը թեւածէ դէպի Քեսապ, այն հզօր աւանը, որուն աւանդութիւնները սերունդէ սերունդ կը շարունակուին` իր զաւակներուն կողմէ տարուելով իրենց բնակած երկիրները:
Մասարան Քեսապի աւանդութիւններէն մէկն է, որուն ընթացքին կը պատրաստուի խաղողի ռուպը: Անոր պատրաստութիւնը ժամերու եւ մեծ աշխատանքի կը կարօտի, ուստի քեսապցիք զայն խնճոյքի կը վերածեն` իրենց յոգնութիւնը ուրախութեան վերածելով:
Խաղողահաւաքէն ետք կը քամեն խաղողի հիւթը եւ զայն մեծ տակառներու մէջ զետեղելով` կ՛աւելցնեն կիրը, ապա հանգչելէն ետք, զտուած հիւթը մեծ կաթսային մէջ կ՛եփեն յատուկ ձեւերով, եւ անոր կ՛ընկերակցին Քեսապի պարը, Քեսապի բարբառով երգերը եւ խարոյկի վրայ խորովածը, բոկեղը եւ թոնիրի մէջ պատրաստուած «քեսնըք»-ով հացը:
Այս գեղեցիկ աւանդութեան այս տարի եւս կազմակերպեց Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութիւնը, որ արթուն պահակն է Քեսապին` անոր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն ժամանակ, յատկապէս նախորդ ամիսներուն, եւ պահպանողն է անոր աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն ու արժէքներուն:
Տոքթ. Ճորճ Աբէլեանի կազմակերպութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, այս գեղեցիկ աւանդութիւնը իրականացաւ այս տարի եւս իր բնակարանին մէջ: Ան իր մանկութեան յուշերը վերապրեցաւ ներկայ գտնուող քեսապցիներուն հետ միատեղ: Իրեն համար Քեսապը դրախտի կտոր մըն է եւ իւրայատուկ տեղ ունի իւրաքանչիւր քեսապցիի մօտ:
Բազմութիւնը ուրախ էր, կարծէք` Քեսապ կը գտնուէր: Բոլորը կը պատմէին Քեսապի մէջ իրենց քաղցր յիշատակներուն մասին, ժպիտ կար բոլորի դէմքին, Քեսապ ազատագրուած էր եւ այս անգամուան մասարան առաւել` եւս իմաստ ստացած: Բոլորին փափաքն էր ժպիտ տեսնել Քեսապի հողին վրայ ապրող նոր սերունդի դէմքին, իրենց կարելին ընել, որ անոնք ըլլան ապահով եւ ստանան լաւ կրթութիւն:
Ներկաները շրջապատած էին մասարայի կաթսան, որ բաւական մեծ էր, եւ խաղողի հիւթը մէջը կ՛եռար. քեսապցիք կարգով կը մեղմացնէին հիւթի եռացումը: Խաղողի հիւթը թանձրացաւ, եւ ռուպը պատրաստ էր արդէն. բոլորը կանչեցին` փրփո՜ր, փրփո՜ր եւ համտեսեցին ռուպին համեղ փրփուրը:
Պատրաստուած սեղանը, սովորութեան համաձայն, ճոխացուած էր խորովածով, բոկեղով, քեսնըքի հացով եւ կորկոտ ապուրով: Անոր յաջորդեցին` պարը, երգը եւ ուրախութիւնը:
Այնքա՜ն գեղեցիկ երեւոյթ է, երբ այս բոլորին կը միաձուլուին ծննդավայրի սէրը եւ ապահովութեան եւ բարգաւաճման փափաքը: Վարձքը կատար վարչութեան` իրենց մշտական աշխատանքին համար, նաեւ` հիւրընկալ Աբէլեան ամոլին ու քաջալեր հանդիսացան ներկաներուն:
(Թղթակցութիւնը` Լոս Անճելըսի Քեսապի
Ուսումնասիրաց Միութենէն)