Ամերիկահայութեան Թանգարանի Նախագիծի Առաջարկները Կ՛ընդունուին
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Արեւմտեան Ամերիկայի միացեալ յանձնախումբը չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 10-ին յայտարարեց, թէ սկսած է ընդունելու Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին նախնական նախագիծերը:
Հետաքրքրուած ճարտարագէտները կրնան դիմել [email protected] հասցէին` ստանալու համար իրենց դիմումնագիրները, որոնք պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 14 յունուար, 2015:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբը պիտի քննէ ներկայացուած առաջարկները` անոնցմէ ընտրելով 5-ը, որոնցմէ պիտի խնդրուի պատրաստել մանրամասն նախագիծներ: Յանձնախումբը կը ծրագրէ ապրիլ 24, 2015-էն առաջ ընտրել Ամերիկահայութեան թանգարանը կառուցող ճարտարապետը կամ ճարտարապետական հիմնարկը:
Կը նախատեսուի կառուցել 30 հազար քառակուսի ոտք տարածք ունեցող շէնք մը, որ թանգարանին կողքին պիտի ունենայ ցուցադրութեանց համար երկու սրահներ, թատերասրահ մը, դասարաններ եւ ուսումնասիրութեանց յատուկ գրադարադան մը, ինչպէս նաեւ` ստորգետնեայ կանգառ: Թանգարանի մուտքին պիտի կառուցուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան մը, որուն կառուցման մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի հրապարակուին:
Յիշեցենք, որ նոյեմբեր 4-ին Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց «Բացառիկ բանակցային համաձայնագիր» կնքել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման միացեալ յանձնախումբին հետ, քաղաքին «Սիվիք օտիթորիըմ»-էն հարաւ եւ Հանրային համալսարանին դիմաց գտնուող 1.7 արտավար տարածքը նշեալ ծրագիրին վարձու տալու համար:
Ծրագիրին նպատակն է Քալիֆորնիոյ հայութեան պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող բարձրորակ թանգարան մը հաստատել Կլենտէյլի մէջ: Նահանգը արդէն իսկ հարուստ է բնիկ ամերիկացիներու, սպանախօսներու, ափրիկեցի ամերիկացիներու, չին ու ճափոնցի ամերիկացիներու, հրեաներու եւ Ողջակիզման, իտալացի եւ քորէացի ամերիկացիներու եւ այլ հաւաքականութեանց յատկացուած թանգարաններով, որոնք Քալիֆորնիա այցելողներուն կը ծանօթացնեն նահանգին մէջ ապրող տարբեր ժողովուրդներու պատմութիւնն ու անոնց մշակութային հարստութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Արեւմտեան Ամերիկայի միացեալ յանձնախումբին մաս կը կազմեն շրջանի հայկական քաղաքացիական եւ կրօնական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները: