Համահայկական Խնդիրներու Լուծման Համար Անհրաժեշտ Են Արմատական Բարեփոխումներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այս շաբաթ կը մխրճուիմ կնճռոտ հարցի մը մէջ, որ կը մտահոգէ աշխարհասփիւռ  հայութիւնը: Մեծ աղմուկ բարձրացուցած է  Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին կողմէ համացանցին վրայ տեղադրուած խիստ քննադատական եւ կոշտ նամակը` ուղղուած Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:

Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքի տարբեր հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ խնդրեցին ինձմէ մեկնաբանել այս բանավէճը` յուսալով հանդարտեցնել շիկացած մթնոլորտը: Ես համաձայնեցայ ո՛չ թէ այն պատճառով, որ կը կարծեմ, թէ իմ յօդուածս պիտի լուծէ բուն հարցը, այլ որպէսզի լուսարձակի տակ առնեմ լուծումը աւելի մեծ խնդիրներու, որոնք ծառացած են հայ ժողովուրդին առջեւ` մեր պատմութեան այս ճակատագրական պահուն:

Երուսաղէմի պատրիարքին ծաւալուն նամակը կը բովանդակէ երկու յատուկ բողոք. իր ըմռնումը, որ անցեալ սեպտեմբերին Էջմիածինի մէջ կայացած ժողովին քննարկում եղած է Երուսաղէմի պատմական եւ ինքնավար պատրիարքարանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թեմի վերածելուն վերաբերեալ: Երուսաղէմի պատրիարքարանը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն մէկն է` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին հետ միասին: Պատրիարք Մանուկեան իր նամակին մէջ նաեւ կը բողոքէ Գարեգին Բ.ի կողմէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական ժողովին խնդրանքով` Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը մերժելուն դէմ:

Թէեւ Գարեգին Բ. եւ Էջմիածնի կաթողիկոսութեան քանի մը արքեպիսկոպոսներ կտրականապէս կը ժխտեն, որ երբեւէ քննարկում եղած է  Երուսաղէմի պատրիարքարանը թեմի վերածելու վերաբերեալ, սակայն սեպտեմբերին կայացած ժողովին որոշ մասնակիցներ այլ բան հաղորդած են: Աւելի քան մէկ տասնամեակ առաջ նման վէճ մը յառաջացած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին առնչութեամբ: Այն ժամանակ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը նոյնպէս զայրացած նամակ գրած էր Գարեգին վեհափառին` դատապարտելով որեւէ փորձ, որով Պոլսոյ պատրիարքարանին կարգավիճակը պիտի իջեցնէ Սուրբ Էջմիածինի թեմի մակարդակին:

Ի պատասխան Երուսաղէմի պատրիարքի նոյեմբեր 24-ի նամակին` Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դեկտեմբեր 1-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որ հետեւեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան քանի մը արքեպիսկոպոսներու անհատական նամակներուն` դատապարտելով պատրիարքի նամակին «անընդունելի» ոճը եւ «յօրինուած» բովանդակութիւնը: Անոնք նաեւ վրդովմունք յայտնեցին, որ պատրիարք Մանուկեանը ո՛չ թէ յատուկ նամակ ուղարկած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, այլ զայն տեղադրած է համացանցի վրայ: Պատրիարքը արդարացուցած էր իր որոշումը`  բացատրելով, որ Գարեգին Բ. չէր պատասխանած իր նախորդ նամակին: Տարօրինակ է, որ արքեպիսկոպոսները կը դատապարտեն Երուսաղէմի պատրիարքը` իր նամակը համացանցի վրայ տեղադրելուն համար, սակայն նոյն բանը իրենք կ’ընեն` աւելի հրապարակային դարձնելով պատրիարքին նամակը եւ հրահրելով բանավէճը:

Երուսաղէմի պատրիարքի նամակին շուրջ յառաջացած վիճաբանութիւնը պէտք չէ դիտարկել իբրեւ առանձին միջադէպ: Ասիկա պարզապէս հայ ժողովուրդին պատուհասած շատ լուրջ, բայց անտեսուած փորձութիւններու դրսեւորումներէն մէկն է տակաւին: Նման բարձրաստիճան մակարդակի առճակատումները միայն կը բարդացնեն մեր առկայ խնդիրները, ներառեալ` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ղեկավարներու հանդէպ ժողովուրդի անվստահութիւնը, եկեղեցի յաճախելու նուազումը, համայնքային կազմակերպութիւններու անդամակցութենէն հրաժարիլը, արտագաղթի պատճառ դարձած տնտեսական ճգնաժամը, Հայաստան-սփիւռք տարակարծութիւնները եւ սփիւռքի մէջ մշակութային ինքնութեան տկարացումը: Այս ներքին թերութիւնները կը նուազեցնեն ժողովուրդին կարողութիւնը, որպէսզի դիմակայէ գոյատեւման խնդիրները, ինչպէս` Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, արցախեան հակամարտութիւնը, Թուրքիայէն հայկական պահանջները, Սուրիոյ հայկական համայնքի գոյատեւումը եւ Երուսաղէմի ու Պոլսոյ հայոց պատրիարքարաններուն պահպանումը:

Այս լուրջ մարտահրաւէրները, որոնք կրնան աղէտալի հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար, չեն կրնար լուծուիլ նամակագրական արշաւներով: Համընդհանուր համակարգուած ջանքեր անհրաժեշտ  են համահայկական լուծումներ գտնելու համար:

Այդպիսի հաւանական լուծում մըն է ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած համասփիւռքեան մարմինի մը ստեղծումը, որ կրնայ իսկապէս ներկայացնել եօթը միլիոն հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ` Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս: Սփիւռքի այս ներկայացուցիչները, Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեան հետ միասին, կրնան հանդէս գալ համայն հայութեան անունով: Ամէն անգամ, երբ ճգնաժամ յառաջանայ, այս եռեակը իրաւասութիւն եւ կշիռ պիտի ունենայ լուծելու բոլոր քաղաքական, եկեղեցական եւ հասարակական-տնտեսական տարակարծութիւնները հայերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ` ազգը պաշտպանելու արտաքին սպառնալիքներէ:

Նման համաշխարհային ընտրովի կառոյցի բացակայութեան պայմաններով, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առկայ յանձնաժողովը պէտք է վերակազմուի, որպէսզի յաջորդ տարուան ապրիլէն ետք կրնայ համակարգել բոլոր կարեւորագոյն հարցերը` Հայաստանի, Արցախի եւ խոշորագոյն հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, եւ որոշ երեւելի դէմքերու հետ միասին:

Բոլոր հայերուն պարտքն է համախմբուիլ եւ լուծել իրենց վճռորոշ հարցերը, նախքան որ ներքին տարաձայնութիւններն ու արտաքին վտանգները սպառնան այս հինաւուրց ժողովուրդի գոյատեւման…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Share this Article
CATEGORIES