Ճշդում
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը վստահեցնէ, թէ կիրակի, 14 դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ ելեկտրական հոսանքի խանգարումին պատճառով պատահած հրդեհէն վնասուած են մայր շէնքի 2-րդ յարկի 1 սենեակին մէջ գտնուող դպրոցական գոյքերը միայն: Շէնքի կառոյցին որեւէ վնաս չէ հասած:
Վնասուց գնահատումը կատարուած է:
Վերանորոգութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Մօտ օրէն կառոյցի գործունէութիւնը իր բնականոն ընթացքին կը վերադառնայ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային

