Հրեաները Իրենց Ապահովութեան Նկատմամբ Մտահոգութիւններու Պատճառով Կը Հեռանան Թուրքիայէն

1216_Synagogue«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ը` յղում կատարելով Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հրէական «Շալոմ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ երկրէն կը հեռանան, որովհետեւ համայնքին դէմ սպառնալիքներն ու յարձակումները հետզհետէ աճ կ՛արձանագրեն:

Համայնքի ականաւոր առեւտրականներէն Մոյիզ Կապայ 10 դեկտեմբերին գրած է. «Մենք ամէն օր սպառնալիքներ, յարձակումներ եւ վատ վերաբերմունք կը դիմագրաւենք: Յոյսը կը մարի: Պէտք է «մեզմէ Հրա՞նդ մը» սպաննուի, որպէսզի կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը, քաղաքացիական հասարակութիւնը, մեր դրացիները եւ դատաւորներ զայն տեսնեն»:

Ան նշած է, որ համայնքի երկրորդական կրթութիւն ստացած անդամներուն շուրջ 37 առ հարիւրը կը նախընտրեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար արտասահման մեկնիլ, իսկ այդ թիւը նախորդ տարիներուն բաղդատմամբ կրկնապատկուած է:

Ան աւելցուցած է, որ հեռացողները միայն ուսանողները չեն, այլեւ` ընտանիքներ եւ երիտասարդ առեւտրականներ:

Կապայ վերջերս «Ռատիքալ» օրաթերթին հետ ունեցած  հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքին մէջ ատելութեան ոճիրներու ճանաչումն ու օրէնքի փոփոխութիւնները բաւարար չեն Թուրքիոյ հրեայ համայնքը պաշտպանելու:

«Օրէնքները փոխուած են: Ատելութեան խօսքը ներկայիս ոճիր մըն է, սակայն ե՞րբ մեր համայնքին դէմ ատելութեան խօսքին համար դատական հարց պիտի յարուցուի: Ես ասոր համար միայն կառավարութիւնը չեմ այպաներ: Ընդդիմութիւնը, քաղաքացիական հասարակութիւնը, միութիւնները եւ հասարակութեան ժողովրդավարական շրջանակները պէտք է մեզի համար վահան մը ըլլան: Այս դէպքերուն պէտք է հետեւին: Մեզմէ Հրանդի մը սպաննուելո՞ւն կը սպասեն»:

Share this Article
CATEGORIES