Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Մտադիր Են Պատժել Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իրենց Օգտին Լոպիինկը Ձախողեցուցած Պաշտօնեաները

Իլհամ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «minval.az» կայքը կը հաղորդէ, որ տարիներ շարունակ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն Ուաշինկթընի հետ իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնելու վրայ, սակայն, ատոր ի պատասխան ոչ մէկ դրական յայտարարութիւն կը ստանան «ժողովրդավարութեան օրրանէն»:

«Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ լարուածութիւնը չ՛աւարտիր երկու երկիրներուն միջեւ խնդիրներով, այլ կը տարածուի նաեւ իշխանութիւններուն վրայ: «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթին հաղորդումով` վերջին շրջանին Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ խիստ յայտարարութիւնները, ներառեալ` արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տակաւին չհրապարակուած տարեկան զեկուցումին մէջ գոյութիւն ունեցող արտակարգ կարծրութիւնը, սաստիկ զայրացուցած են Ազրպէյճանի իշխանութիւնները», կը գրէ կայքը:

Կը նշուի, որ երկար տարիներ քանի մը անձերու միջոցով իշխանութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն Միացեալ Նահանգներու հետ ոչ պաշտօնական յարաբերութիւններ պահպանելու համար: Յանուն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պաշտպանութեան, այդ միջոցները կը ծախսուին ծերակուտականներու, քոնկրեսականներու եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր պետական կառոյցներու բարձրաստիճան անձերուն հետ համագործակցութեան անուան տակ: «Ատոր վրայ մեծ գումարներ ծախսուած են: Սակայն, մինչեւ հիմա հնչող խիստ յայտարարութիւններու, բողոքներու եւ պահանջներու փոխարէն, ներկայիս Միացեալ Նահանգներէն չկայ իշխանութիւնները պաշտպանող մինչեւ իսկ մէկ բնագիր, հակառակ այն բանին, որ փոխադրամիջոցներու նախարար Զիյա Մամետովի տոհմը, որ պատասխանատու է Միացեալ Նահանգներու մէջ լոպիիստական գործունէութեան համար, յամառօրէն աջակցութեան յայտարարութիւններ կը պահանջէ», կը նշէ կայքը:

Ըստ կայքին, իշխանութիւնները խստօրէն քննադատած են Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը, Ազրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ դաշնակցութեան ղեկավար Անար Մամետովը, արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ յառաջատար դէմքեր, երեսփոխաններ Սամետ Սէյիտովը, Էլխան Սուլէյմանովը եւ խորհրդարանական կուսակցութիւններէն մէկուն ղեկավարը այն բանի համար, որ վերջիններս իրենց զեկուցումներուն մէջ կը պնդէին, որ Միացեալ Նահանգներու հետ անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքը կը կատարուի, համապատասխան շրջանակները «վնասազերծուած» են, եւ ամերիկեան բոլոր բողոքներուն հակառակ փաստարկներ պիտի հնչեն ինքնին Միացեալ Նահանգներէն:

«Երկար տարիներ կը գերադասուէր այդ յարաբերութիւնները կարգաւորել ոչ պաշտօնական մակարդակի վրայ: Սակայն, այսօր կ՛երեւի, որ իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներէն իրական աջակցութիւն չեն ստանար մինչեւ իսկ ոչ պաշտօնական յարաբերութիւններուն մէջ: Այն շրջանակները, որոնք իշխանութիւններուն ներկայացուած են իբրեւ իրենց կողմնակիցներ, երես դարձուցած են անոնցմէ, եւ չկայ որեւէ իրական պաշտպանութիւն», կը գրէ կայքը` աւելցնելով, որ այդ հարցի լուրջ քննարկումներէն ետք որոշուած է լրջօրէն պատժել այն բոլոր մարդիկը. որոնք Միացեալ Նահանգներէն յարաբերական պաշտպանութեան վերաբերեալ հաւաստիացումներ կու տային:

Ներիշխանական հաւաստի աղբիւրներէն կայքին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, ստեղծուած իրավիճակին  համար պատասխանատու անձեր լրջօրէն պիտի պատժուին: Անոնք ոչ միայն պիտի հեռացուին այդ աշխատանքներէն, այլեւ անոնցմէ պիտի խլուին նաեւ ազդեցութեան ներքին լծակները: «Պատկերաւոր կերպով` այսօր իշխանութեան մէջ ամերիկեան քամի կը փչէ եւ անիկա «պիտի քշէ» որոշ յայտնի մարդիկ», կ՛եզրակացնէ կայքը:

 

Share this Article
CATEGORIES