«Թուրքիա Ձեռնարկած Է Միջինարեւելեան Երկիրներու Հետ Խզուած Յարաբերութիւնները Արագ Կերպով Վերակենդանացնելու Աշխատանքին» Կ՛ըսէ Առընչ

Պիւլենթ Առընչ
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ յայտնեց, որ իր երկիրը ձեռնարկած է վերակենդանացնելու խզուած յարաբերութիւնները միջինարեւելեան երկիրներու, ներառեալ` Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ծոցի երկիրներուն հետ:
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Առընչ 12 դեկտեմբերին Թուրք արտածողներու Պոսփորի 5-րդ վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Սուրիան եւ Իրանը կոչած է «դրացիներ», իսկ Սէուտական Արաբիան, Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսն ու Յորդանանը` «աւանդական բարեկամներ, որոնց հետ իբրեւ դաշնակիցներ կը գործենք»:
«Մինչեւ հիմա թուած երկիրներուս հետ յարաբերութեանց մէջ սառնութիւն մը կար քաղաքականութեան կամ այդ երկիրներու ղեկավարներուն կեցուածքին պատճառով: Սակայն մենք բարեկամներ ենք, նաեւ եղբայրներ ենք: Թուրքիոյ եւ այս երկիրներուն միջեւ պաղութիւնը արդիւնք էր կարգ մը պատճառներու, սակայն ներկայիս արագ կերպով ձիւնհալ տեղի կ՛ունենայ»` նշած է Առընչ` աւելցնելով, որ շրջանին հետ Անգարայի յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին «պանրալաթի մը չորնալուն չափ արագ»:
«Մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ տալիք որոշումներուն միջոցով բոլորս պիտի հասնինք մեր նախապէս գտնուած կէտին», ըսած է ան` աւելցնելով. «Մենք կայունութիւն կ՛ուզենք: Եթէ (կարգ մը երկիրներ) Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները սառեցուցած են, մի՛ մտահոգուիք, ամէն ինչ նախկինէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ»:

