Ուաշինկթընի Եւ Նիւ Եորքի Մէջ Քաղաքացիական Իրաւունքներու Շարժումներու Քայլարշաւ` Ընդդէմ Ոստիկանութեան Կողմէ Կատարուած Սպանութիւններու

1214_WashingtonՈւաշինկթընի մէջ հազարաւորներ քայլարշաւ կատարեցին` բողոքելու համար ոստիկաններու կողմէ անզէն սեւամորթներու սպանութեան դէմ: Վերջերս Ֆերկիւսընի եւ Նիւ Եորքի մէջ ոստիկանութեան կողմէ երկու երիտասարդ սեւամորթներ սպաննուած էին, սակայն սպաննողները դատարաններուն կողմէ անպարտ նկատուած էին, ինչ որ զայրոյթ ու անկարգութիւններ յառաջացուցած էր:

Ցոյց տեղի ունեցաւ նաեւ Նիւ Եորքի մէջ, ուր հազարաւորներ մասնակցեցան քայլարշաւին,  հակառակ կլիմայական վատ պայմաններուն:

Ուաշինկթընի հաւաքին առջեւ խօսք առնողները կոչ ուղղեցին ամերիկեան օրէնսդրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու: Պատուելի Ալ Շարփթըն կոչ ուղղեց օրէնսդրական քայլի մը, որ «կացութիւնը թէ՛ թուղթի վրայ, թէ՛ ալ փողոցին մէջ պիտի փոխէ»:

Ուաշինկթընի մէջ ցուցարարներ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին. «Ցեղապաշտ ոստիկանութեան արգելք հանդիսացէք», «Նախագահ Օպամա առիթը օգտագործէ: Նախահայրերը կը դիտեն»: Նիւ Եորքի մէջ բարձրացուած պաստառներուն վրայ գրուած էին .«Նիւ Եորքի մէջ ամէն բան պիտի սառեցնենք», «Սեւամորթներուն կեանքերը կարեւոր են»:

 

Share this Article
CATEGORIES