Թրքական Ոստիկանութիւնը Կը Խուզարկէ Ընդդիմադիր Օրաթերթերու Գրասենեակներ Եւ Ձերբակալութիւններ Կը Կատարէ
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թրքական ոստիկանութիւնը լրատուամիջոցներու դէմ արշաւի մը ձեռնարկած է` ձերբակալելու համար 31 անձեր, ներառեալ` լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ նախկին ոստիկանապետեր` միաժամանակ խուզարկելով 13 նահանգներու մէջ հասցէներ:
«Զաման» օրաթերթին խուզարկումը տեղի ունեցած է առաւօտեան ժամը 7:15-ին, որմէ ետք ոստիկանութիւնը հեռացած է շէնքէն, մինչ շէնքին առջեւ հաւաքուած է ընդդիմադիր կրօնաւոր Ֆեթհուլլահ Կիւլենի համակիրներու մեծ ամբոխ մը, ինչ որ ոստիկանութեան ստիպած է նահանջել: Սակայն ոստիկանութիւնը վերադարձած է ժամը 14:00-ին եւ ձերբակալած «Զաման»-ի գլխաւոր խմբագիր Էքրեմ Տումանլըն:
Խուզարկութիւնները տեղի ունեցած են Պոլսոյ եւ 12 այլ քաղաքներու մէջ: Ձերբակալուած են աւելի քան 10 մարդիկ ներառեալ` օրաթերթերու ղեկավարներ եւ լրագրողներ: Ձերբակալեալներու շարքին են «Սանաեոլու» լրատուական խմբակի ղեկավար Հիտայեթ Քարաճա, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ ոստիկանութեան հակաահաբեկչական բաժանմունքի նախկին ղեկավար Թուֆան Էրկիւտեր եւ Կորճայքի նախկին ոստիկանապետը:
«Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երեք այլ ոստիկաններ ձերբակալուած են Տէրսիմ, Մարտին եւ Շըրնաք նահանգներուն մէջ եւ ուղարկուած Պոլիս:
Թրքական ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու ոստիկանութեան շղթայազերծած արշաւը «յեղաշրջում» մը նկատեց: Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը եւս դատապարտեց ձերբակալութիւնները:
«Զաման» եւ «Սամանեոլու» կապեր ունին Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող կրօնաւոր Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հետ, որուն յարաբերութիւնները թրքական կառավարութեան հետ մասնաւորաբար անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր լարուած են:

